Պատմական, բայց եւ արդիական փաստաթուղթ

Յառաջ-կողք

Ներածա­կան նկա­տառումներ

Ստորեւ տրուած գրու­թիւնը Հ.Յ. Դաշ­նակցու­թեան պաշ­տօ­նական օր­կան «Յա­ռաջ»-ի 1920 Նո­յեմ­բեր 20-ի (էջ 2) խմբագ­րա­կանն է: Օր­կա­նը կը հրա­տարա­կուէր Երե­ւանի մէջ: Խմբագ­րա­կանը գրուած է պոլ­շե­ւիկեան Ռու­սաստա­նի եւ քե­մալա­կան Թուրքիոյ մի­ջեւ ին­կած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մէջ պա­տերազ­մի եւ քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամի են­թա­խոր­քին վրայ:

Այս խմբագ­րա­կանի հե­ղինա­կը՝ Սի­մոն Վրա­ցեան, շու­տով պի­տի դառ­նար Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պետու­թեան վեր­ջին վար­չա­պետը եւ 1920 թուակա­նի Դեկ­տեմբեր 2-ին իշ­խա­նու­թիւնը յանձնէր պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն, որով վերջ կը գտնէր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը: Այդ ժա­մանակ ան Դաշ­նակցու­թեան Բիւ­րո­յի՝ կու­սակցու­թեան բարձրա­գոյն գոր­ծա­դիր մար­մի­նի ան­դամ էր: Քա­նի մը ամիս ետք Վրա­ցեան նա­խագա­հեց Հայ­րե­նիքի Փրկու­թեան Կո­միտէին, որ 1921 Փետ­րուար 18-ին պոլ­շե­ւիկեան վար­չա­կար­գի տա­պալու­մէն ետք Երե­ւանի մէջ ապստամ­բա­կան իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տեց:

Եր­կու ամիս ետք՝ Ապ­րի­լին, խորհրդա­յին կար­գե­րու վե­րադար­ձէն ետք, Սի­մոն Վրա­ցեան շա­րու­նա­կեց նախ Իրա­նի մէջ, ապա Արեւ­մուտքի, պաշտպա­նել արեւմտեան կողմնո­րոշու­մը եւ ձեռք եր­կա­րել Թուրքիոյ՝ ի շահ Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան վե­րականգնման քա­ղաքա­կանու­թեան նկատ­մամբ իրա­պաշտ մօ­տեցու­մով։ Ան այս կողմնո­րոշու­մը բաժ­նեց այնպի­սի ղե­կավար­նե­րու հետ, ինչպէս՝ Ռու­բէն Տէր-Մի­նասեանը, Ռու­բէն Դար­բի­նեանը, Հա­մօ Օհան­ջա­նեանը, Ար­շակ Ջա­մալեանը, Մի­քայէլ Վա­րան­դեանը եւ շատ ու­րիշներ:

Հա­րիւր վեց տա­րի ետք՝ 2026 թուակա­նին, Հա­յաս­տան կ՚ապ­րի գո­յու­թե­նական ճգնա­ժամ մը, որուն որոշ յատ­կա­նիշե­րը կը յի­շեց­նեն Առա­ջին հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մէն ետք եղած ժա­մանա­կաշրջա­նը՝ մէկ հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թեամբ. մինչ 1920 թուակա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ սահ­մաննե­րու հար­ցը տա­կաւին չէր լու­ծուած, այ­սօր եր­կու հան­րա­պետու­թիւններն ալ չեն վի­ճար­կեր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող սահ­մաննե­րը:

Պար­տա­դիր չէ հա­մաձայ­նիլ այս խմբագ­րա­կանին մէջ ներ­կայա­ցուած իւ­րա­քան­չիւր նա­խադա­սու­թեան հետ՝ յօ­դուա­ծին հիմ­նա­կան փաս­տար­կի ար­ժէքն ու ար­դիակա­նու­թիւնը գնա­հատե­լու հա­մար:

Ան­շուշտ, այս խմբագ­րա­կանը միակը չէ, որ կը հաս­տա­տէ հոն բե­րուած փաս­տարկը: Օրի­նակ՝ 1922-ին ԱՄՆ-ու մէջ Դաշ­նակցու­թեան հա­մագու­մա­րին Վրա­ցեանի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած զե­կոյ­ցին մէջ, ան կը պնդէր, որ «ծո­վից ծով Հա­յաս­տա­նի պա­հան­ջը, առ­նուազն, տղա­յամ­տութիւն էր»: («Հայ­րե­նիք» ամ­սա­գիր, 1922, թիւ 1):

Այս խմբագ­րա­կանը մե­զի կը յի­շեց­նէ, թէ որ­քան կա­րեւոր է դա­սեր քա­ղել պատ­մութե­նէն եւ այդ ժա­մանա­կաշրջա­նի հայ մեծ գոր­ծիչնե­րու յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն: Եւ այս պատ­մութեան ամէ­նէն հեգ­նա­կան կողմն այն է, որ Դաշ­նակցու­թեան պաշ­տօ­նական կեդ­րո­նատե­ղին Հա­յաս­տա­նի մէջ կը կո­չուի Սի­մոն Վրա­ցեանի անու­նով:

Այս նկա­տողու­թիւննե­րը քա­նի մը կա­րելիու­թիւն կը թե­լադ­րեն.

– Հա­յաս­տա­նի Դաշ­նակցու­թիւնը ընտրեց այս անու­նը՝ հա­ւանու­թիւն տա­լով նախ­կին վար­չա­պետի եւ Դաշ­նակցու­թեան Բիւ­րո­յի ան­դա­մի բո­լոր գրու­թիւննե­րուն։ (1933 թուակա­նէն ետք կու­սակցու­թեան որ­դեգրած քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ փո­փոխու­թիւննե­րը քիչ կապ ու­նէին Հա­յաս­տա­նի իրա­կան պայ­մաննե­րուն հետ. անոնք, առա­ւելա­բար, վտա­րան­դի եւ սփիւռքա­ցած կու­սակցու­թեան մը քա­ղաքա­կան դե­գերումներն էին, որ կը փոր­ձէր որոշ նշա­նակու­թիւն գտնել Սփիւռքի եւ փո­փոխուող մի­ջազ­գա­յին մի­ջավայ­րին մէջ):

– Կա՛մ, Դաշ­նակցու­թիւն կու­սակցու­թեան այ­սօ­րուան ղե­կավա­րու­թիւնը տե­ղեակ չէ այս խմբագ­րա­կանին մէջ պաշտպա­նուած քա­ղաքա­կանու­թեան եւ ան­տե­ղեակ է, եւ կա՛մ կը նա­խընտրէ ան­տե­սել իր սե­փական պատ­մութիւ­նը: Եւ ասի­կա լուրջ մե­ղադ­րանք է այն ղե­կավա­րու­թեան դէմ, որ կը ներ­կա­յանայ իբ­րեւ 136-ամեայ կազ­մա­կեր­պութեան օրի­նական եւ հա­ւատա­րիմ ժա­ռան­գորդ:

– Կայ նաեւ եր­րորդ տար­բե­րակ. կու­սակցու­թեան ներ­կա­յի ղե­կավա­րու­թիւնը պէտք է հրա­պարա­կաւ յայ­տա­րարէ, որ Դաշ­նակցու­թիւնը, Առա­ջին Հան­րա­պետու­թիւնը ղե­կավա­րելու իր փոր­ձէն ետք, որոշ եզ­րա­կացու­թիւննե­րու յան­գած է եւ ըն­դունած է Հա­յաս­տա­նի ապա­գային վե­րաբե­րեալ այնպի­սի տե­սակէտ մը, որուն հետ ներ­կա­յի ղե­կավա­րու­թիւնը հա­մաձայն չէ: Այ­սինքն՝ ան ոչ միայն խու­սա­փողա­կանօ­րէն պէտք է յայ­տա­րարէ, թէ «կու­սակցու­թիւնը սխալ­ներ գոր­ծած է», այ­լեւ յստակ նշէ, թէ որո՛նք էին գոր­ծուած սխալ­նե­րը եւ ին­չո՛ւ այդ քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րը այժմ կը գնա­հատուին իբ­րեւ սխալ­ներ։ Հա­կառակ պա­րագա­յին, կու­սակցու­թիւնը ընդհան­րա­պէս չի կրնար դա­սեր քա­ղել պատ­մութե­նէն եւ յա՛տկա­պէս՝ ի՛ր իսկ պատ­մութե­նէն։

Սա­կայն, վաղ թէ ուշ, Դաշ­նակցու­թիւնը պէտք է որո­շէ, թէ ի՛նչ կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան աշ­խարհին մէջ՝ իրա­կա՞ն քա­ղաքա­կան ուժ, որ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւն կը կրէ իր ան­ցեալին հա­մար, թէ՞ աղան­դա­ւորա­կան կազ­մա­կեր­պութիւն, որ կը յե­նի իր ստեղ­ծած կեր­պա­րին եւ կը պնդէ ժա­ռան­գութիւն մը, որ քիչ կապ ու­նի իրա­կան պատ­մութեան եւ, վստա­հաբար՝ իր սե­փական պատ­մութեան հետ։

Կայծ Մի­նասեան 

Ժի­րայր Լի­պարի­տեան ■

Խնդրոյ առար­կայ պատ­մա­կան խմբագ­րա­կանը՝ ստորեւ.-

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հաշ­տութեան խնդի­րը եւ մեր օրիեն­տա­ցիան

Հա­յաս­տա­նը մեծ պե­տու­թիւննե­րից իրա­ւապէս ճա­նաչուած մի պե­տու­թիւն է։ Եւ այդ ճա­նաչումն է մեր ժո­ղովրդի գե­րագոյն մի­ջազ­գա­յին նուաճու­մը։

Հայ ժո­ղովուրդը, որ իր զա­ւակ­նե­րի մի­լիոնա­ւոր զո­հերով է ձեռք բե­րել իր ան­կա­խու­թիւնը, կա­րող է հաշ­տուել իր պատ­մա­կան տե­րիտո­րիայի մե­ծամեծ կրճա­տումնե­րի հետ, կա­րող է հրա­ժարուել շատ եւ շատ բա­րիք­նե­րից, բայց մի բան կայ, որի հետ նա եր­բեք չպէտք է հաշ­տուի, որից եր­բեք նա չպէտք է հրա­ժարուի։ Եւ այդ բա­նը — Հա­յաս­տա­նի՝ իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թեան ոչնչա­ցումն է։

Թող լի­նի Հա­յաս­տան փոքր, նոյ­նիսկ շատ փոքր, բայց ան­կախ պե­տու­թիւն։

Փոք­րութիւ­նը եր­բեք ար­գելք չէ ապա­գայ զար­գացման։ Փոքր էր Յու­նաստա­նը, երբ ստեղ­ծուեցաւ եւ շատ թոյլ, բայց այժմ ար­դէն այնքան մեծ է, որ եր­կիւղ է ներշնչում նոյ­նիսկ Իտա­լիայի պէս մի զօ­րեղ պե­տու­թեան։ Փոքր էր Սեր­բիան, բայց այժմ ար­դէն մի պատ­կա­ռելի պե­տու­թիւն է։ Փոքր էր Ռու­մա­նիան, բայց այժմ եռա­պատ­կել, քա­ռապատ­կել է իր տե­րիտո­րիան եւ ու­ժը։

Ամե­նակա­րեւո­րը պե­տական ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նումն է, որ ամե­նամեծ գրա­ւականն է ժո­ղովրդի ապա­գայ զար­գացման։

Մեր պե­տու­թեան գո­յու­թիւնը մեծ պե­տու­թիւննե­րի տե­սակէ­տով, այն­չափ իմաստ եւ ար­ժէք ու­նի, որ­չափ նա բա­ժանում է Տաճ­կաստա­նը Ռու­սաս­տա­նից։ Այն օրը, երբ Հա­յաս­տա­նը կորցրեց իր ան­կա­խու­թիւնը եւ դար­ձաւ փաս­տօ­րէն խա­ղալիք Ռու­սաստա­նի ձեռ­քին, կը վե­րանայ այ­լեւս այն միակ ու­ժեղ հիմ­քը, որ ստի­պել էր եւ ստի­պում է Եւ­րո­պական մեծ պե­տու­թիւննե­րին ըն­դունել Հա­յաս­տա­նի իբ­րեւ պե­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը։

Եթէ Հա­յաս­տա­նը կա­մենում է ապ­րել՝ իբ­րեւ պե­տու­թիւն, ամէն կերպ նա պի­տի խու­սա­փէ լի­նել իր մեծ հիւ­սի­սային հա­րեւա­նի՝ Ռու­սաստա­նի խա­ղալի­քը։

Միւս կող­մից՝ մեր դա­րաւոր թշնա­մին, Տաճ­կաստա­նը, կա­րող է ի վեր­ջոյ հաշ­տուել մեր պե­տական գո­յու­թեան հետ միայն այն ժա­մանակ, երբ մենք մի ան­գամ ընդմիշտ կը հրա­ժարուենք ռու­սա­կան օրիեն­տա­ցիայից։

Ճիշդ է, Մուսթա­ֆա Քե­մալի Տաճ­կաստա­նը, որ այ­սօր պա­տերազ­մում է մեզ հետ, հան­դէս է գա­լիս՝ իբ­րեւ բոլ­շե­ւիկեան Ռու­սաստա­նի դաշ­նա­կի­ցը։ 

Բայց քա­ղաքա­կան մեծ իմաս­տութիւն պէտք չէ ըմբռնե­լու հա­մար, թէ թուրք-ռու­սա­կան բա­րեկա­մու­թիւնը մի ժա­մանա­կաւոր զի­նակ­ցութիւն է օբյեկ­տիւ, յա­րատեւ շա­հերով միան­գա­մայն հա­կամարտ եր­կու ու­ժե­րի մի­ջեւ։

Ոչ ոքի հա­մար գաղտնիք չէ, որ թուրքե­րի եւ ռուսնե­րի ներ­կայ բա­րեկա­մու­թիւնը մի ար­հեստա­կան կապ է, որ կա­րող է կտրուել ամէն վայրկեան եւ ան­խուսա­փելիօրէն պի­տի կտրուի, երբ մէկ կամ միւս կող­մը հա­սած կը լի­նի իր գլխա­ւոր նպա­տակին։

Ռու­սաստա­նը Տաճ­կաստա­նի պատ­մա­կան թշնա­մին է, եւ այս թշնա­մու­թիւնը չի բխել եր­բեք իշ­խողնե­րի սուբյեկ­տիւ ցան­կութիւննե­րից, այլ եղել է եր­կու պե­տու­թիւննե­րի ու ժո­ղովուրդնե­րի գո­յու­թեան եւ զար­գացման օբ­յեկտիւ պայ­մաննե­րի ան­խուսա­փելի ար­դիւնք։

Ահա թէ ին­չու ոչ բոլ­շե­ւիկ­նե­րը, ոչ էլ քե­մալա­կան­նե­րը կա­րող են փո­խել իրենց, փո­խել իրենց պե­տակա­նու­թեան հիմ­նա­կան ուղղու­թիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Անգլիան վեր­ջին եւ­րո­պական պա­տերազ­մի ժա­մանակ եղաւ Ռու­սաստա­նի զի­նակի­ցը, որով­հե­տեւ այդ էր պա­հան­ջում Անգլիայի ժա­մանա­կաւոր շա­հը։ Բայց այդ զի­նակ­ցութիւ­նը բնաւ չխան­գա­րեց, որ Անգլիան մնայ Ռու­սաստա­նի ամե­նամեծ եւ ամե­նավ­տանգա­ւոր թշնա­մին։

Ռուսնե­րի հետ լի­նելով չէ, որ հայ ժո­ղովուրդը կա­րող է ապա­հովել իր եւ իր պե­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը։ Որով­հե­տեւ ռուսնե­րի ներ­կա­յու­թիւնը Անդր­կով­կա­սում, մի­ջազ­գա­յին ներ­կայ պայ­մաննե­րի մէջ, յա­րատեւ չի կա­րող լի­նել եւ նա վաղ թէ ուշ պի­տի վերանայ, ան­խուսա­փե­լիօրէն, հէնց որ լու­ծուի ռու­սա­կան խնդի­րը։

Ռու­սաստա­նը ինքն էլ, իր բոլ­շե­ւիկ իշ­խող­նե­րի բե­րանով, բազ­միցս յայտնել է, որ պատ­րաստ է յար­գել, ճա­նաչել Անգլիայի շա­հերը Անդրկով­կա­սում։

Հայ ժո­ղովուրդը եւ Հա­յաս­տա­նը չեն կա­րող կա­պել իրենց բախ­տը մի պե­տու­թեան հետ, որ իր իսկ խոս­տո­վանու­թեամբ պի­տի հե­ռանայ Անդրկով­կա­սի սահ­մաննե­րից, եթէ Անգլիան եւ Եւ­րո­պական միւս մեծ պե­տու­թիւննե­րը կա­մենան հաշ­տուել նրա գո­յու­թեան հետ։

Իր փրկու­թեան հա­մար Հա­յաս­տա­նը ու­նի մի՛այն մի ճա­նապարհ՝ գտնել ան­մի­ջական կեր­պով մի ընդհա­նուր լե­զու իր հա­րեւա­նի՝ Թուրքի հետ։

Եթէ հայ ժո­ղովուրդը կա­մենում է ապ­րել եւ ապա­հովել իր պե­տական եւ ֆի­զիկա­կան գո­յու­թիւնը, յա­րատե­ւօրէն, նա պէտք է ու­նե­նայ ոչ թէ ռու­սա­կան, այլ թուրքա­կան՝ օրիեն­տա­ցիա։

Եւ եթէ հայ ժո­ղովուրդը վեր­ջին հա­մաեւ­րո­պական պա­տերազ­մի ժա­մա­նակ չու­նե­նար ռու­սա­կան օրիեն­տա­ցիա, այլ լի­նէր թուրքե­րի հետ, առանց վե­րապա­հու­թեան, ամե­նայն հա­ւանա­կանու­թեամբ, նա խու­սափած կը լի­նէր կո­տորած­նե­րից եւ նրա դրու­թիւնը վրա­ցինե­րից էլ լաւ կը լի­նէր։

Մի ան­գամ ընդմիշտ մենք պի­տի ըմբռնենք, որ օտա­րի վրայ յե­նուե­լով չէ որ մենք կա­րող ենք իրա­պէս խա­ղաղու­թիւն ձեռք բե­րել մեր ժո­ղովրդի հա­մար, այլ մի­միայն մեր սե­փական ու­ժե­րին ապա­ւինե­լով պի­տի որո­շենք մեր բախ­տը մեր ու­ժեղ հա­րեւան­նե­րի՝ Թուրքիայի հետ։

Ամէն մի օտար մի­ջամ­տութիւն, մա­նաւանդ ռուսնե­րի մի­ջամ­տութիւ­նը, կա­րող է միայն վնա­սակար լի­նել հայ եւ թուրք ժո­ղովուրդնե­րի յա­րատեւ խա­ղաղեց­ման հա­մար։

Որով­հե­տեւ օտա­րը, նախ պի­տի խտաց­նէ այն փո­խադարձ անվստա­հու­թեան մթնո­լոր­տը, որ գո­յու­թիւն ու­նի եր­կու դա­րաւոր հա­րեւան­ների մի­ջեւ, ու ան­կա­րելի դարձնէ մի հաս­տա­տուն հա­մաձայ­նութիւն։ Եւ երկրորդ, օտա­րը պի­տի աշ­խա­տէ մեզ գոր­ծիք դարձնել իր սե­փական շա­հերի եւ նպա­տակ­նե­րի հա­մար, որոնց տե­սակէ­տով հայ-թուրքա­կան յա­րատեւ ու ան­կեղծ հաշ­տութիւ­նը իրա­պէս ցան­կա­լի էլ չէ։

Մինչդեռ հայ ժո­ղովուրդը, ինչպէս եւ թուրք ժո­ղովուրդը, կա­րօտ է յա­րատեւ հաշ­տութեան։ Բա­ւական է, ինչքան խա­բուե­ցինք օտար­նե­րից։

Դնենք մեր յոյ­սը միայն մեր ու­ժի վրայ եւ խօ­սենք մեր թշնա­մու հետ երես առ երես՝ առանց «բա­րերար» միջ­նորդնե­րի։ Եւ այն, ինչ որ ձեռք կը բե­րենք այդ ճա­նապար­հով, յա­մենայն դէպս, կը լի­նի աւե­լի վստա­հելի, աւե­լի հաս­տա­տուն եւ աւե­լի յու­սա­տու մի բան, քան այն, ինչ որ մենք կա­րող ենք ստա­նալ միջ­նորդնե­րի ջան­քերով։ ■