Երկու հակոտնեայ դիտանկիւններ՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ստեղծման համար
Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու գործընթացին կապակցութեամբ Ռուսաստանի դրսեւորած անհանդուրժողութիւնը վերածուած է գռեհկութեան՝ բոլորովին անտեսելով դիւանագիտական բարեվարքութեան սահմանները։
Արցախի անկախութեան պահպանման ձախողութենէն ու անոր բնակչութեան հայրենազրկումէն ի վեր՝ որուն մէջ Ռուսաստանի պատասխանատւութիւնը չափազանց մեծ է, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Մոսկուան ինքզինք կը հռչակէր Հայաստանի միակ պաշտպանը թրքական յարձակումներուն դէմ, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով ՀՀ տարբեր ժամանակաշրջաններու ղեկավարներուն այն համոզումը, թէ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական գործակցութիւնը եւ ռուս ժողովուրդին հետ դարաւոր բարեկամութիւնը անհրաժեշտութիւն են, Արցախի կորուստէն ետք Հայաստանի կողմէ աւելի խոստմնալի նոր ռազմավարութիւն մը մշակելու ձգտումը դարձաւ բնական ու ցանկալի։ Սակայն, նոր ռազմավարութիւնը կը պահանջէ նաեւ խաղաղ ու նպաստաւոր պայմաններու մէջ նախկին կապերէն անջատուելու, ձերբազատելու կարողութիւնն ու միջոցները։
Այս առումով, ռուսական կողմի անհանդուրժողութիւնն ու թշնամանքը արդէն հասած են ջլախտի աստիճանի, որուն բացարձակ արտայայտութիւնն էր Հայաստանի վարչապետին հասցէին՝ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի բանբեր Մարիա Զախարովայի հիւանդագին ու ոչ-դիւանագիտական գրութիւնը՝ Արցախի ու Հայաստանի հանդէպ ռուսական կողմի պաշտպանութեան խոստմնադրուժութեան վերաբերեալ. «Նիկոլ Վովայի (իմա՝ Նիկոլ Փաշինեան), Ձեր երկրին մէջ ընտրութիւնները աւարտած են։ Կրնաք դադրիլ խաբելէ։ Հաւաքեցէք Ձեր քաջութիւնը եւ գոնէ մէկ անգամ ճշմարտութիւնը ըսէք այնպէս, ինչպէս իրականութեան մէջ էր»։ Անկախ խօսքին բովանդակութենէն՝ թէ ո՞վ է ճիշդ, ո՞վ՝ սխալ, երկրի մը ղեկավարին ուղղուած նման արտայայտչակերպը՝ յատկապէս այն ղեկավարին, որ յաղթական դուրս եկած է ընտրութիւններէն, սակայն զոր Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը զլացած է շնորհաւորել, ցոյց կու տայ Հայաստանի հանդէպ այն գաղութատիրական մտածելակերպը, որ տակաւին կը տիրէ Ռուսաստանի իշխող դասակարգին մօտ։
Փոխարէնը՝ Փութին փութացած է դրուատալի խօսքերով շնորհաւորելու պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու, մեծ գումարներու կաշառք ստանալու եւ դրամի լուացման յօդուածներով ամբաստանուած ու կալանաւորուած Ռոբերտ Քոչարեանի տարեդարձը. «Ռուսաստանի մէջ չեն մոռնար այն անձնական աւանդը, որ ունեցած էք մեր երկիրներու բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ։ Անկեղծօրէն կը մաղթեմ ձեզի քաջառողջութիւն, եռանդ եւ տոկունութիւն՝ այն փորձութիւններուն դիմաց, որոնց առջեւ կանգնած էք դուք եւ ձեր ընտանիքի անդամները»։
Քիրկիզստանի մայրաքաղաք Պիշքէքի մէջ, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին զարմանալիօրէն Փութին եւ Փաշինեան միեւնոյն բովանդակութեամբ՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ստեղծումի, պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան, հաւասարութեան եւ իւրաքանչիւր երկրի մշակութային իւրայատկութեան յարգանքի պայմաններու մէջ համագործակցութեան կոչ ըրին։
Նախագահ Փութինի ակնարկը արդարօրէն կ՚ուղղուի դէպի արեւմտեան պետութիւնները, որոնք Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք չյարգեցին դէպի արեւելք չտարածուելու ՕԹԱՆ-ի խոստումը եւ զինեցին Ուքրաինան։ Իսկ Հայաստանի վարչապետին խօսքը կ՚ուղղուի մասնաւորապէս Ռուսաստանի նախագահին, որ դժգոհ է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արեւմտեան պետութիւններու հետ ռազմավարական դաշինքներու կնքումէն եւ ռուսական ազդեցութեան գօտիէն դուրս գալու ցանկութենէն։ Բազմաբեւեռութեան երկու նոյնանման ցանկութիւններ են ասոնք, սակայն՝ գործադրութեան հակադիր դաշտերով։
Փաշինեան-Փութին տեսակցութեան ընդառաջ՝ ՀՀ վարչապետը յստակացուց Հայաստանի դիրքորոշումը, մասնաւորապէս Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ. «Երբ աշխարհաքաղաքական որեւէ բեւեռի ձգողականութիւնը այն աստիճանի կը ծանրանայ, որ կրնայ քայքայել մեր անկախութիւնը, մենք կ՚աշխուժացնենք այս իրադրութեան համար բաւարար ձգողականութիւն ունեցող մէկ այլ բեւեռի հետ մեր յարաբերութիւնները՝ պահպանելու համար մեր հաւասարակշռութիւնը ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան՝ բարդութիւններով լեցուն ճանապարհին»։
Ժ.Չ. ■
