Կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներուն գործով դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

Գարեգին Բ

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ յարուցուած քրէական գործը վարող դատախազ Խաչատուր Գալստեան «իր դիմումին համաձայն» ազատ կացուցուած է աշխատանքէն։ Այս դատախազն էր, որ քրէական հետապնդումի ձեռնարկած էր եւ գործը մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան ղրկած։ Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաւաստէ, որ ազատ կացուցման որոշումը որեւէ կապ չունի այս դատական գործին հետ։

Յիշեցնենք, որ Գարեգին Բ.ն ու վեց եպիսկոպոսները կը մեղադրուին դատական վճիռ չգործադրելու յանցանքով։ Նախապէս Կաթողիկոսը պաշտօնանկ ըրած էր Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, իսկ դատարանը վճռած էր անոր պաշտօնին վերականգնման ի նպաստ։ Մայր Աթոռը, սակայն, մերժած էր ենթարկուիլ՝ կարգալոյծ ընելով զայն եւ յայտարարելով, որ այս հարցերը դատարանի իրաւասութենէն դուրս են ու դատական միջամտութիւնը կը խախտէ Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը։

Ներկայիս գործին տարածքային դատական լիազօրութեան հարցը կը գտնուի Վճռաբեկ դատարանի սեղանին վրայ, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշէ, թէ հարցը Երեւանի մէ՞ջ պիտի քննուի, թէ՞ Էջմիածինի։ Մեղադրանքի հաստատման պարագային, հոգեւորականներուն կը սպառնայ առաւելագոյնը երկու տարի ազատազրկում։ Սա անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետը կը կանգնի դատարանի առջեւ։