Քննչական կոմիտէն վերստին յստակացուցած է 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հրապարակած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն նոր տուեալները. ըստ այդմ՝ զոհուած է ընդհանուր առմամբ 3833 անձեր (3755 զինուորական եւ 78 քաղաքացիական), եւ 191 հոգի ալ կը համարուի անյայտ կորսուած։
Կոմիտէի այս պարզաբանումը կը յաջորդէ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ Չեխիոյ մէջ կատարած այն յայտարարութեան, ուր ան նշած էր 4800 զոհի մասին։ Պատերազմէն վեց տարի ետք թիւերու այս հակասութիւնը կը շարունակէ մնալ ներքաղաքական բանավէճի առարկայ. ընդդիմութիւնը իշխանութիւնները կը մեղադրէ 5000 զոհի պատճառ դառնալու յանցանքով, մինչդեռ իշխանութիւնը կը հակադարձէ, որ ընդդիմադիրները միտումնաւոր կ՚ուռճացնեն թիւերը։
Իրաւապաշտպաններու համոզումով՝ հարցին վերջնական կէտ կը դրուի միայն ամբողջական անուանացանկի հրապարակումով։ Հակառակ վարչապետ Փաշինեանի այն պնդումին, թէ տուեալները գաղտնի չեն եւ հասանելի են Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի կայքէջին վրայ, մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ այդ ցանկը ամբողջական չէ, քանի որ չ՚ընդգրկեր քաղաքացիական զոհերն ու փոխհատուցում ստացող հարազատներ չունեցող անձերը։
