ԱԽ-ի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նշանակուած է PMCG միջազգային ընկերութեան աւագ խորհրդական

Արմէն Գրիգորեան

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ անցեալ Օգոստոսին առանց յստակ բացատրութեան պաշտօնանկ եղած էր վարչապետ Փաշինեանի կողմէ, աշխատանքի անցած է «Policy and Management Consulting Group» (PMCG) միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան մէջ՝ որպէս աւագ խորհրդական։

Ըստ ընկերութեան հաղորդագրութեան՝ Գրիգորեան արդէն իսկ ներգրաւուած է «TRIPP» ծրագրի կենսունակութեան գնահատման աշխատանքներուն մէջ։ PMCG կ՚ընդգծէ, որ Գրիգորեան մեծ փորձառութիւն ունի հարաւկովկասեան բարդ հարցերու, բանակցութիւններու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ոլորտէն ներս։

Նշենք, որ PMCG-ն միջազգային զարգացման ընկերութիւն մըն է, որ կը գործէ շարք մը երկիրներու մէջ։ Ընկերութիւնը ներկայիս կ՚իրականացնէ նաեւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ գանձատրուող Անդրկասպեան առեւտրային երթուղիի (TCTR) ծրագիրը՝ «AECOM» ընկերութեան պատուէրով (վերջինս կը կատարէ նաեւ Հայաստանի մէջ TRIPP-ի տեղագրութեան ուսումնասիրութիւնը)։