Ար­բա­նեակա­շինու­թիւնը հայ­կա­կան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րէն ներս

Screenshot

Screenshot

Հար­ցազրոյց՝ բնա­գէտ Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանի հետ

Մա­րի-Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեանը Իրաք ծնած բնա­գէտ է, ՆԱ­ՍԱ-ի (NASA) նախ­կին աշ­խա­տակից, գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր եւ դա­սախօս։ Ան ու­սումը ստա­ցած է Անգլիոյ մէջ, ապա եր­կար տա­րիներ ապ­րած ու աշ­խա­տած է Միացեալ Նա­հանգներ, իսկ 2015-էն հաս­տա­տուած Հա­յաս­տան, ուր կը զբա­ղի գի­տական, կրթա­կան ու նո­րա­րա­րական գոր­ծունէու­թեամբ։

***

«Նոր Յա­ռաջ» – Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Իրա­քէն հա­սաք Երե­ւան։ Պա­տերազ­մը չէր ան­շուշտ, որ հոս ուղղեց ձե­զի, այլ ձեր կող­մէ դի­տաւո­րեալ որո­շում էր Հա­յաս­տան հաս­տա­տուի­լը։

Հրա­չու­հի Պօ­ղոսեան – Իրա­քի մէջ բնա­գիտու­թիւն ու­սա­նած եմ, ապա կը փա­փաքէի ան­պայման բարձրա­գոյն վկա­յական ու­նե­նալ (PHD): 1979-ին առի­թը ու­նե­ցայ Իրա­քէն մեկ­նե­լու Անգլիա, ուր չորս տա­րի յա­ճա­խե­ցի London University-ի Imperial College-ը. աւար­տե­լէ ետք հե­տա­զօ­տական աշ­խա­տանքներ ըրի եւ բա­րեկամ­նե­րու թելադրութեամբ փո­խադ­րուեցայ ԱՄՆ, ուր սոր­վե­ցայ եւ սոր­վե­ցու­ցի, միեւ­նոյն ատեն աշ­խա­տեցայ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ: Տեղ­ւոյն ու­սումնա­կան շրջանս աւար­տե­լէ ետք, ՆԱ­ՍԱ-ի տնօ­րէններէն մէկը ին­ծի առա­ջար­կեց ՆԱ­ՍԱ-ի մէջ աշ­խա­տիլ: Ես եր­բեք տիեզե­րական սար­քա­շինու­թե­նէն կամ ՆԱ­ՍԱ-էն գա­ղափար չու­նէի, բայց ին­ծի հա­մար կեան­քի ու­ղին մար­տահրա­ւէր­նե­ր յաղ­թա­հարելն է. գա­ցի եւ 16 տա­րի աշ­խա­տեցայ ՆԱ­ՍԱ-ի մէջ՝ Լոս Ան­ճը­լըս: Այս ըն­թացքին ամու­սինս յա­ճախ կ՚ըսէր՝ դուն Հա­յաս­տան շատ աւե­լի լաւ գործ կ՚ընես, եր­թանք Հա­յաս­տան: Եկանք, եր­կու տա­րի ետք տե­սայ, որ Հա­յաս­տա­նը aerospace program չու­նի կամ եթէ նոյ­նիսկ ու­նի, մնա­ցոր­դաց է միայն Բիւ­րա­կանը: Ու­սումնա­սիրե­ցի Հա­յաս­տա­նի առ­կայ aerospace-ի ծրագ­րե­րը եւ այս բնա­գաւա­ռին մէջ գոր­ծող ըն­կե­րու­թիւննե­րը:

Եր­կու ըն­կե­րու­թիւն նկա­տեցի՝ Բիւ­րա­կանն ու GeoCosmos-ը, եր­կուքին ալ հան­դի­պեցայ: ՆԱ­ՍԱ-ի մէջ աշ­խա­տանքս եղած է mission planning-ը եւ ար­բա­նեակ սար­քե­լը՝ անոնց գի­նը հա­շուե­լը, գոր­ծարկե­լը: Վե­րոյի­շեալ երկու ըն­կե­րու­թիւննե­րուն գոր­ծունէու­թիւնը աշ­խա­տան­քիս հետ առնչու­թիւն չու­նէին. Բիւ­րա­կանինը աստղա­գիտու­թիւնն է, իսկ GeoCosmos-ինը՝ Սպա­նիոյ հետ ար­բա­նեակ­նե­րէ ստա­ցուած նկար­նե­րու վրայ աշ­խա­տա­նքը, բայց իմ աշ­խա­տանքս բոլորովին տար­բեր էր: Ահա թէ ին­չու ըն­կե­րու­թիւնս հիմ­նե­ցի եւ Երե­ւանը դար­ձաւ մեր առօ­րեայ բնա­կավայ­րը, ուր կ՚ու­զենք աշ­խա­տիլ:

«ՆՅ» – Ու­րեմն նոր ըն­կե­րու­թիւն մը հաս­տա­տեցիք, որ կը կո­չուի «Նո­րարա­րու­թիւննե­րու խթան­ման եւ հե­տազօ­տու­թիւննե­րու կեդ­րոն». հե­տաքրքրա­կան է. ի՞նչ նո­րարա­րու­թիւննե­րու մա­սին է։

Հ. Պ. – 2018-ին հիմ­նե­ցի ընկերու­թիւնը, Հա­յաս­տա­նը այդ ժա­մանակ նո­րարա­րու­թեամբ յա­ռաջա­ցած չէր, շատ քի­չեր կը հասկնա­յին այդ բա­ռը: Ու­սա­նող­ներ առի, որ իրենց սոր­վեցնեմ թէ նո­րարա­րու­թիւնը ի՞նչ է: Նո­րարա­րու­թիւնը ճար­տա­րագի­տու­թիւնն է, նո­րարա­րու­թիւնն է որ կը խթա­նէ ամէն տե­սակի ճար­տա­րագի­տու­թիւն, մա­՛նաւանդ aerospace engeneering (օդատիեզե­րական ճար­տա­րագի­տու­թիւն): Այդ պատ­ճա­ռով էր որ կեդ­րո­նը կո­չեցի այդպէս, որուն անգլե­րէնը՝ Center for innovation, promotion and research է, քա­նի որ պէտք է նախ նո­րարա­րու­թիւնը խթա­նենք, հե­տազօ­տենք, ապա պատ­րաստենք ճար­տա­րագէտ­նե­րը: Նո­րարա­րու­թիւնը կու գայ մտա­ծելա­կեր­պէն, մտքի ար­տա­յայ­տութիւնն է, գա­ղափա­րի յղա­ցու­մը, որ կը դառ­նայ ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տանք, ապա երբ կը ստեղ­ծուի սար­քը, կը դառ­նայ նո­րարար, կը սկսինք զայն հե­տազօ­տել:

«ՆՅ» – Նաեւ կը դա­սաւան­դէք Երե­ւանի Պե­տական հա­մալ­սա­րանին, Ամե­րիկեան հա­մալ­սա­րանին, Ճար­տա­րապե­տական հա­մալ­սա­րանին մէջ եւ Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքին մէջ ու­նիք ձեր կեդ­րո­նը։

Հ. Պ. – Իրա­կանու­թեան մէջ մեր ջան­քե­րով ծրա­գիր մը առա­ջար­կե­ցինք Ճար­տա­րապե­տական հա­մալ­սա­րանին Bachelers degree-ին եւ Masters degree-ին հա­մար, իսկ Ամե­րիկեան հա­մալ­սա­րանի Masters degree-ի ու­սա­նող­նե­րուն կը սոր­վեցնէի նո­րարա­րու­թիւն կի­րար­կե­լը, որ կապ ու­նի արհեստագիտութեան՝ technology-ի հետ:

«ՆՅ» – Եւ այս ամ­բողջը կապ ու­նի տիեզե­րագ­նա­ցու­թեա՞ն հետ։

Հ. Պ. – Սկիզ­բը՝ ո՛չ, մին­չեւ 2019, երբ Հա­յաս­տա­նի բարձր Տեխ­նո­լոկիանե­րու (Արհեստագիտութիւններու) նա­խարա­րը դար­ձաւ Յա­կոբ Ար­շա­կեանը՝ այ­ցե­լեցինք իրեն եւ մշա­կեցինք ծրա­գիր, որ մին­չեւ հի­մա կ՚օգ­տա­գոր­ծուի:

«ՆՅ» – Ընդհան­րա­պէս ստեղ­ծա­րար նո­րարա­րու­թիւնը ի՞նչ դրա­մագ­լուխ կը պա­հան­ջէ, ո՞վ է ներդրո­ղը այս գոր­ծին մէջ։

Հ. Պ. – Սկիզ­բը ես եւ ամու­սինս, բայց հի­մա ար­դէն ու­նինք հո­վանա­ւոր­ներ եւ կը փնտռենք ներդրող­ներ, որոնք կրնան սա­տարել մեր աշ­խա­տանքնե­րուն, քա­նի որ ար­դէն իսկ՝ 2019-էն ի վեր կը զբա­ղինք տիե­զե­րական սար­քա­շինու­թեամբ, կը սոր­վեցնենք սար­քա­շինու­թիւնը եւ միեւ­նոյն ժա­մանակ ալ կը պատ­րաստենք սար­քե­րը:

«ՆՅ» – Պար­զա­պէս տե­սու­թիւն չէ, այ­սինքն՝ ու­սումէն ար­տադրու­թեան կ’եր­թայ։ Այ­սօր ու­նիք ար­բա­նեակա­յին պա­յու­սակ մը դպրոց­նե­րու աշա­կեր­տութեան ուղղուած, կը պար­զա­բանէ՞ք սար­քին էու­թիւնը։

Հ. Պ. – Սար­քը պատ­րաստուած է 9-10-րդ դա­սարա­նի աշա­կերտնե­րուն հա­մար, անոնց կը սոր­վեցնենք ար­բա­նեակին ի՞նչ եւ ին­չո՞ւ հա­մար ըլ­լա­լը: Երե­ւանէն սկսանք եւ հի­մա հա­սանք մար­զե­րու դպրոց­նե­րը: Ու­սուցիչ­նե­րը կը նա­խապատ­րաստենք գի­տելիք­նե­րով, իրենց հետ յա­րատեւ հա­ղոր­դակցու­թեան մէջ կը մնանք եւ յա­ճախ մրցոյթներ կը կազ­մա­կեր­պենք ար­բա­նեակը որո­շուած բարձրու­թե­նէն ար­ձա­կելու եւ տուեալ­նե­րը ար­ձա­նագ­րելու հմտու­թիւննե­րը քննե­լու հա­մար: Իւ­րա­քան­չիւր պա­յու­սակ կ՚ընդգրկէ Can sat (պա­հածո­յի տու­փի չա­փով սարք) մը, ուր կը տե­ղադ­րուին տար­բեր են­թա­համա­կար­գեր, որոնք ուժ կ՚առ­նեն մարտկո­ցէն, որ են­թա­համա­կար­գե­րուն կը բաշ­խէ որ բա­նին: Իւ­րա­քան­չիւր են­թա­համա­կարգ տպա­սալիկ մը եւ պաշ­տօն մը ու­նի. մէ­կը ու­ղեղն է, միւ­սը ականջնե­րը, ու­րիշ մը սնու­ցի­չը՝ ճիշդ մար­դու նման: Ար­բա­նեակը կը կազ­մուի, կը փա­կուի, ալե­հաւա­քով կը հա­մալ­րուի, հրթի­ռով կ՚ար­ձա­կուի 500 մեթր բարձրու­թե­նէն, օդա­պարի­կը կը բա­ցուի եւ ար­բա­նեակը մօտ տասնհինգ վայրկեանէն կը հաս­նի գե­տին: Բո­լոր հա­մակար­գե­րը ռա­տիօալիք­նե­րով կը հա­ղոր­դակցին վեր­գետնեայ կա­յանին հետ, նոյ­նիսկ հե­ռաձայնով կա­րելի է կապ հաս­տա­տել եւ գտնել ալիք­նե­րը:

«ՆՅ» – Ի՞նչ տե­ղեկու­թիւններ քա­ղելու հա­մար է այս ար­բա­նեակը։

Հ. Պ. – Ար­բա­նեակ­նե­րը չեն ու­ղարկուիր եթէ նպա­տակ չու­նե­նան: Մեր այս փոք­րիկ ար­բա­նեակին նպա­տակն է չա­փել տե­ղական մագ­նի­սական դաշ­տը, ջեր­մութիւ­նը, իր աշ­խարհագ­րա­կան դիր­քը եւ խո­նաւու­թիւնը: Մենք այս ար­բա­նեակին վրայ տե­սախ­ցիկ չենք տե­ղադ­րած, որ աշա­կերտը կա­րենայ հա­շուել տուեալ­նե­րը: Մեր ըն­կե­րու­թիւնը ու­սա­նողներ կ՚ըն­դունի, կը սոր­վեցնէ իրենց եւ կը պա­հան­ջէ: Իրենք կ՚աշ­խա­տին learning by doing-ով՝ գոր­ծադրե­լ սոր­վե­լով կամ սոր­վիլ գոր­ծադրե­լով, ինչպէս որ կը գոր­ծադրուի ԱՄՆ-ու մէջ:

«ՆՅ» – Պա­յու­սա­կին կող­քին կ’աշ­խա­տիք նաեւ այլ ար­բա­նեակի մը վրայ, որ շատ աւե­լի լայ­նա­ծաւալ գոր­ծունէու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ՝ ուղղա­կի տիեզերք եր­թալ եւ ձգո­ղակա­նու­թե­նէն դուրս ինքնավար կերպով դառ­նալ երկրին շուրջ եւ այս ար­բա­նեակն ալ շատ մեծ չէ։

Հ. Պ. – Այո՛, չա­փը 10 սմ. խո­րանարդ է եւ կը կո­չուի մէկ միաւոր: Մէկ միաւո­րը կրնայ բարձրա­նալ մին­չեւ լու­սին, մին­չեւ Հրատ, կա­խեալ ան­կէ թէ ի՛նչ կը տե­ղադ­րենք մէ­ջը: Հիմ­նա­կանօ­րէն նոյնն է, ինչ որ կը պա­րու­նա­կէ փոքր ար­բա­նեակը: Մէկ միաւոր ար­բա­նեակ­նե­րը կրնան հաս­նիլ մին­չեւ լու­սին, դառ­նալ անոր շուրջը եւ վե­րադառ­նալ առանց որե­ւէ դժուարու­թեան:

«ՆՅ» – Փոր­ձարկա՞ծ էք այս ար­բա­նեակը։ Ղե­կավա­րուա՞ծ է ձեր կող­մէ։

Հ. Պ. – Այո՛, մեր կող­մէ ղե­կավա­րուած է: Հի­մա կ’աշ­խա­տինք այդ ղե­կավար­ման գոր­ծընթա­ցին վրայ: Տիեզեր­քը կը սկսի 100 քմ. բարձրու­թե­նէն: 100-էն մին­չեւ 400 քմ. օդի խտու­թիւնը շատ է եւ մագ­նի­սական դաշ­տը զօ­րաւոր է: Եթէ նոյ­նիսկ մին­չեւ 370 քմ. բարձրու­թեան ու­ղարկենք ար­բա­նեակը, մէկ ամի­սէն կը սկսի կա­մաց-կա­մաց իյ­նալ երկրա­գունդին վրայ, որով­հե­տեւ երկրա­գունդի մագ­նի­սական դաշ­տին հզօ­րու­թիւնը մեծ է: Իսկ եթէ ու­ղարկենք լու­սի­ն կամ Հրա­տ, հոն մագ­նի­սական դաշ­տը թոյլ է, այդ պատ­ճա­ռով հոն ար­բա­նեակը կրնայ եր­կա­րօրէն շրջիլ առանց իյ­նա­լու:

«ՆՅ» – Ու­րեմն դուք այս պա­յու­սա­կը կը նուիրէք դպրոց­նե­րուն, որ­պէսզի բնա­գիտու­թեան ու­սուցիչ­նե­րը դա­սաւան­դեն իրենց աշա­կերտնե­րուն։

Հ. Պ. – Այո՛, բնա­գիտու­թեան ու­սուցիչ­նե­րը իրենց աշա­կերտնե­րուն կը դա­սաւան­դեն խմբակ­նե­րով, որով­հե­տեւ այս տարի Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թե­նէն ստացանք ենք ար­տօ­նու­թիւն՝ ու­նե­նալու ար­տա­դասա­րանա­յին խմբակ­ներ, ուր կը սոր­վին եւ Pilot study կ՚ընենք, որ­պէսզի 2027-ին այս ծրա­գիրը ընդգրկուի դա­սագիր­քե­րուն մէջ: Հի­մա սկսած ենք ոչ միայն ու­սուցիչ­նե­րուն դա­սաւան­դել, այլ նաեւ դա­սագիր­քը գրել. գրե­թէ պատ­րաստ է, որպէսզի երբ Կրթութեան նա­խարա­րու­թիւնը մեզ­մէ պա­հան­ջէ՝ ներ­կա­յաց­նենք զայն:

«ՆՅ» – «Նո­րարա­րու­թիւննե­րու խթան­ման եւ հե­տազօ­տու­թիւննե­րու կեդ­րոն»-ը միայն այս պա­յու­սա­կի՞ն շուրջ կ’աշ­խա­տի, թէ՞ ու­նիք նաեւ այլ ծրագ­րեր։

Հ. Պ. – Ասի­կա մէկ սար­քա­ւորում է, որ ու­նինք եւ յանձնած ենք բազ­մա­թիւ դպրոց­նե­րու: Միեւ­նոյն ժա­մանակ կ’աշ­խա­տինք մէկ միաւոր ար­բա­նեակ­նե­րուն վրայ, նաեւ կ’աշ­խա­տինք վեր­գետնեայ կա­յան պատ­րաստե­լու վրայ: Կ’աշ­խա­տինք նաեւ ար­բա­նեակին դիր­քը պա­հելու ծրագ­րին վրայ, որ­պէսզի հե­տագա­յին նաեւ փոր­ձարկենք լու­սանկա­րել ար­բա­նեակ­նե­րով: Այս ծրագ­րին հա­մար կ’աշ­խա­տինք software-ով եւ hardware-ով: Այլ ծրագ­րով մը կը պատ­րաստենք շատ փոքր ար­բա­նեակ­ներ, որուն չա­փը կը հաս­նի մէկ միաւոր ար­բա­նեակին մէկ քա­ռոր­դին: Եւ ար­դէն իսկ խօ­սած ենք Անգլիոյ ըն­կե­րու­թիւննե­րուն հետ, որոնք կրնան մեր ար­բա­նեակը տե­ղափո­խել իրենց հրթիռ­նե­րով:

«ՆՅ» – Եթէ ձեր այս նո­րարա­րական ծրագ­րե­րը բաղ­դա­տենք ԱՄՆ-ու, Եւ­րո­պայի, Ռու­սաստա­նի կամ Չի­նաս­տա­նի մէջ եղած ծրագ­րե­րուն հետ, ի՞նչ մա­կար­դա­կի ենք մենք։

Հ. Պ. – Մենք տա­կաւին 0 մա­կար­դա­կի ենք: Իրենք այնքան յա­ռաջա­ցած են, որ խնդիր­ներ կը լու­ծեն, ո՛չ թէ ար­բա­նեակ սար­քել կը սոր­վին կամ տիեզե­րական սար­քա­շինու­թեամբ կը զբա­ղին: Իրենք տուեալ­նե­րու կեդ­րոններ (data centre) կը պատ­րաստեն տիեզեր­քի մէջ: Ոչ միայն տուեալ­նե­րու կեդ­րոններ, այլեւ, օրի­նակի հա­մար, մենք շատ լաւ գի­տենք, որ երկրա­գունդին նաւթի պա­հես­տը անվեր­ջ չէ, որով­հե­տեւ ջեր­մութիւ­նը ներ­սէն կ’եռայ, մեր երկրա­գունդը իր մագ­նի­սական դաշ­տի ուղղու­թիւնը ար­դէն փո­խած է՝ նախ ար­տա­քին ջեր­մութեան պատ­ճա­ռով, յե­տոյ ոչ մէ­կը գի­տէ ին­չու երկրա­գունդին կեդ­րո­նի եր­կաթ հե­ղու­կին ուղղու­թիւնը փո­խուած է: Չենք գի­տեր ատի­կա տիեզեր­քէ՞ն է, թէ՞ մեր երկրա­գունդի քա­րերէն: Այդ պատ­ճա­ռով տար­բեր եր­կիրներ ու­սումնա­սիրու­թիւններ կ’ընեն, արե­ւի ճա­ռագայթնե­րէն կ՚առնեն եւ solar cell-երով կը փոր­ձեն դէ­պի երկրա­գունդ զօ­րու­թիւն ստեղ­ծել, որ երկրա­գունդին զօ­րու­թիւնը (energy) չհատ­նի:

«ՆՅ» – Ասի­կա կ’օգ­նէ նաեւ մագ­նի­սական դաշ­տը ու­սումնա­սիրե­լու։ Եթէ առանցքի ուղղու­թիւնը փո­խուած է՝ կը նշա­նակէ նաեւ մագ­նի­սական դաշ­տը փո­խուած է։

Հ. Պ. – Շատ խնդիր­ներ կան: Օրի­նակ Starlink-ը երբ սկսաւ գոր­ծել, կ’ու­զէր ամ­բողջ երկրա­գունդը կա­պող ցանց մը ստեղ­ծել: Այս ցանց ստեղ­ծե­լու մրցոյ­թին մէջ են ԱՄՆ-ն, Չի­նաս­տա­նը, Հնդկաս­տա­նը: Չի­նաս­տա­նը առա­ջար­կեց 1 000 000 ար­բա­նեակով իր եր­կի­րը պաշտպա­նել, ԱՄՆ-ն նոյնպէս հա­զարա­ւոր ար­բա­նեակ­ներ տե­ղադ­րած է Starlink-ով որ եր­կի­րը պաշտպա­նէ: Ու­րեմն եր­կիրնե­րը կը ձգտին պաշտպա­նել իրենց աշ­խարհագ­րա­կան տա­րած­քը, ասի­կա տար­բեր խնդիր­նե­րէն մէ­կն է: Իսկ ցան­ցը կա­պի ցանց է, կա­պը շատ-շատ կա­րեւոր է մա­նաւանդ հի­մա երկրա­գունդին հա­մար: Բա­ցի ատ­կէ, ար­դէն 4000 ար­բա­նեակ կայ միայն ամե­նացած ու­ղե­ծիրին վրայ, որ low earth orbit կը կո­չուի, հոն կը փոր­ձեն ար­բա­նեակ­նե­րը շղթա­ներով կա­պել իրա­րու որ ո՛չ թէ աղբ դառ­նան, այլ մէ­կը միւ­սին ուժ տա­լով վե­րակեն­դա­նանան: Այնպէս որ խնդիր­նե­րը շատ են, բայց մենք տա­կաւին Հա­յաս­տա­նի մէջ տո­տիկ-տո­տիկ կը քա­լենք:

«ՆՅ» – Այս ոլոր­տին մէջ դուք միա՞կն էք, թէ ու­րիշ ըն­կե­րու­թիւններ կան աշ­խա­տող։

Հ. Պ. – Մենք միակն ենք, GeoCosmos-ը կայ, որ ար­բա­նեակ­նե­րէն նկար­ներ կը ստա­նայ եւ միայն այդ նկար­նե­րուն processing-ը կ’ընէ, այդ պատ­ճա­ռով ալ մե­զի պէտք են ֆրան­սա­կան, անգլիական, գեր­մա­նական եւ ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւններ, նո՛յնիսկ RosCosmos-ը մե­զի պէտք է, որ կա­րողա­նանք այս ոլոր­տը շուտ ոտ­քի հա­նել, որ­պէսզի յա­ռաջա­նանք: Մէկ ըն­կե­րու­թիւն կայ հոս, եթէ ըն­կե­րու­թիւն կա­րելի է կո­չել զայն, Mars AMADEE-ն է, որ Հրա­տի ծրա­գիրը բե­րաւ Հա­յաս­տան, բայց անոնք Mars analogue-ի ծրա­գիր են, հոն այնպի­սի ծրագ­րեր կը մշա­կեն, զորս կրնաս Հրա­տի վրայ օգ­տա­գոր­ծել:

«ՆՅ» – Այս բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րը կը կատարէք Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքին մէջ։ Եր­կու խօս­քով կրնա՞ք ամ­փո­փել Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքի մտայ­ղա­ցու­մը եւ օգ­ու­տը։

Հ. Պ. – Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքը շատ հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ է. նախ սկսաւ մէկ ըն­կե­րու­թեամբ, բայց հի­մա կան տար­բեր՝ շուրջ 20 ըն­կե­րու­թիւններ: Incubator ըն­կե­րու­թեան դրութիւն է, այ­սինքն Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքը առիթ կու տայ, որ ըն­կե­րու­թիւնդ հոն տե­ղաւո­րես եւ հոն­կէ աշ­խա­տիս: Կան երկու աշ­խա­տանոց­ներ, որոնք կրնան տրամադրուիլ ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տանքնե­րու. կան ըն­կե­րու­թիւններ որոնք տա­կաւին ստեղ­ծուած ար­տադրանք չու­նին: Մենք բա­ւարա­րուած ենք մեր ըն­կե­րու­թեան մէջ տպե­լով այս ամէն ին­չը, որով­հե­տեւ տա­կաւին լայ­նա­ծաւալ ար­տադրու­թեան չենք հա­սած: Կան ըն­կե­րու­թիւններ, որոնք անօ­դաչու սար­քե­րու ստեղծմամբ կը զբա­ղին, կան ըն­կե­րու­թիւններ ալ, որոնք կա­պի հաս­տատմամբ կը զբա­ղին, կան նաեւ կրթա­կան գոր­ծունէու­թեամբ զբա­ղող ըն­կե­րու­թիւններ: Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքը կեդ­րոն մըն է, որ կը հա­մախմբէ այս ամ­բողջը: Ու­նի աշա­կեր­տա­կան, ու­սա­նողա­կան, ըն­կե­րու­թիւննե­րու յա­տուկ եւ ընդհա­նուր engeneering association մը, որուն մէջ կը մտնեն թէ՛ ար­տադրա­կան մա­սը, թէ՛ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան տուեալ­նե­րու հա­ւաքագրման մա­սը, թէ՛ դպրո­ցական մա­սը, եւ թէ՛ մեր նման ըն­կե­րու­թիւննե­րը: Ու­նին նաեւ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն առնչուող յաւելեալ հա­տուած մը, որ Bachelors եւ Master’s degree կու տան կար­ծեմ հա­մագոր­ծակցե­լով Ազգ. Ակա­դեմիային հետ:

«ՆՅ» – Շնոր­հա­կալու­թիւն այս հե­տաքրքրա­կան ոլոր­տի մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րուն համար. յոյ­սով եմ՝ դար­ձեալ առի­թը կը ներ­կա­յանայ այս նիւ­թե­րուն շուրջ խօ­սելու։

Հ. Պ. – Ա՛ն­պայման, մենք ալ կ’ու­զենք որ այս ոլոր­տը օր առաջ զար­գա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մէկ բան կրնամ ըսել, որ եթէ Հա­յաս­տա­նը չու­նե­նայ իր տիեզե­րական գոր­ծա­կալու­թիւնը (space agency), առաջ չ’եր­թար:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■

Հարցազրոյցի տեսանիւթը՝ ստորեւ.-