«Le Figaro». Հայաստանի մեծ վերադարձը համաշխարհային գինեգործութեան ասպարէզ

Screenshot

Screenshot

Ֆրանսա­կան հե­ղինա­կաւոր «Le Figaro» օրա­թեր­թը ծա­ւալուն յօ­դուա­ծով մը անդրա­դար­ձած է հայ­կա­կան գի­նեգոր­ծութեան վե­րած­նունդին՝ շեշ­տե­լով, որ Հա­յաս­տան ոչ թէ պար­զա­պէս նոր գի­նեգոր­ծա­կան եր­կիր մը դառ­նա­լու փորձ կ՚ընէ, այլ կը վե­րադառ­նայ ոլորտ մը, որուն պատ­մա­կան ակունքնե­րէն մէ­կն իսկ է։

Յօ­դուա­ծագիր Սթե­ֆան Ռե­նօ կը յի­շեց­նէ Վա­յոց Ձո­րի Արե­նիի քա­րայ­րին մէջ յայտնա­բերուած 6100 տա­րի հնու­թիւն ու­նե­ցող գի­նիի ար­տադրա­մասը, որ հա­մաշ­խարհա­յին գի­նեգոր­ծութեան բա­ցառիկ վկա­յու­թիւննե­րէն է։ Օրա­թեր­թը յա­տուկ ուշադրու­թիւն կը դարձնէ հայ­կա­կան խաղողի հա­րուստ եւ ինքնա­տիպ ժա­ռան­գութեան. ներ­կա­յիս պաշ­տօ­նա­պէս ար­ձա­նագ­րուած են շուրջ 400 տե­ղական տե­սակ­ներ, որոնց մէջ կ՚առանձ­նա­նան յատ­կա­պէս ար­դի գի­նեգոր­ծութեան խորհրդա­նիշ դար­ձած կար­միր Արե­նին ու սպի­տակ Ոս­կե­հատը։

Ոլոր­տի ժա­մանա­կակից զար­գա­ցու­մը նոյնպէս տպա­ւորիչ է. միայն եօթը տա­րուան ըն­թացքին հայ­կա­կան գի­նիի պի­տակ­նե­րուն թի­ւը 35-էն հա­սած է 165-ի։ Այս ծի­րէն ներս պար­բե­րակա­նը կ՚առանձնաց­նէ յատ­կա­պէս ոլոր­տի առա­ջատար­նե­րէն «Armenia Wine» ըն­կե­րու­թիւնը, որ տա­րեկան կ՚ար­տադրէ շուրջ 8 մի­լիոն շիշ եւ հիմ­նած է գի­նիի պատ­մութեան հա­յաս­տա­նեան առա­ջին թան­գարանը։