Արցախը՝ թուային դարաշրջանին. կենդանի մշակոյթի մը պահպանութեան հարթակ
Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի նիւթական ժառանգութիւնը համակարգուած ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը գտնուի 2023 Սեպտեմբերին անոր հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութենէն ի վեր, լայնածաւալ նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչուած է՝ պահպանելու եւ փոխանցելու անոր ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը։ Երեւանի մէջ հանրութեան ներկայացուած «Digital House of Artsakh Culture» («Արցախի մշակոյթի թուային տուն») առցանց հարթակը նպատակ ունի դառնալու արցախահայութեան յիշողութեան, ինքնութեան եւ աւանդութիւններուն կենդանի պահապանը։
Արցախի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը հաւաքելու եւ փոխանցելու կոչուած այս նոր հարթակը (artsakhian.org) կը միտի ի մի բերել, փաստագրել եւ առցանց հասանելիութեամբ ցուցադրել արցախեան մշակոյթի տարբեր արտայայտութիւնները։
Անիկա ստեղծուած է «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Անոր մեկնարկը կու գայ երեք տարի անց Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութենէն, որ ընդհատեց բազմաթիւ մշակութային սովորութիւններու փոխանցումը իրենց բնօրրանին մէջ։
Բարբառներ, բանաւոր աւանդութիւններ եւ բանահիւսութիւն, երգեր ու երաժշտութիւն, ծէսեր եւ տօներ, արհեստներ, բնութեան առնչուող գիտելիքներ եւ առօրեայ կեանքի սովորութիւններ. ծրագիրը կը միտի փաստագրելու մշակոյթ մը, որ մինչեւ վերջերս հիմնականին մէջ կը փոխանցուէր ընտանիքներու եւ համայնքներու ծոցին մէջ։
Հարթակին կառոյցը ներշնչուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ սահմանուած ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան հինգ գլխաւոր ոլորտներէն։ Անիկա կ՚ընդգրկէ մասնաւորապէս գրադարան, տեսադարան, լուսանկարադարան, ձայնադարան, ինչպէս նաեւ բառարան՝ միեւնոյն թուային տիրոյթին մէջ տարբեր բնոյթի աղբիւրներ համախմբելու նպատակով։
“Մեզի համար կարեւոր էր, որ Արցախը ներկայ ըլլար թուային տիրոյթին մէջ իր իսկ ստեղծած մշակոյթին ընդմէջէն”,– բացատրած է «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան փոխտնօրէն եւ ծրագիրի պատասխանատու, Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախկին նախարար Նարինէ Աղաբալեանը։ Ըստ անոր, հարթակը նպատակ ունի Արցախը ներկայացնել ոչ թէ իբրեւ անցեալի փակուած էջ մը, այլ իբրեւ կենդանի մշակոյթ մը, ուր լեզուն, յիշողութիւնը, մարդիկն ու պատմութիւնները կը մնան իրարմէ անբաժան։
Ծրագիրը նաեւ մասնակցային բնոյթ կը կրէ։ Պատասխանատուները կը հրաւիրեն Արցախի բնակիչները, հետազօտողներն ու անձնական արխիւներ պահպանող ընտանիքները՝ բաժնեկցելու լուսանկարներ, տեսանիւթեր, ձայնագրութիւններ, վկայութիւններ եւ պատմութիւններ՝ հաւաքածոները աստիճանաբար հարստացնելու եւ հասանելի աղբիւրները բազմապատկելու նպատակով։
Հետազօտական խումբի անդամ, պատմաբան եւ մարդաբան Համլէթ Պետրոսեանի համար փաստագրման ճշգրտութիւնը առանցքային մարտահրաւէր է։ Ան կ’ընդգծէ այս մշակոյթը հաւաստի եւ գիտականօրէն հիմնաւորուած կերպով ներկայացնելու կարեւորութիւնը՝ յատկապէս երբ անոր փոխանցման միջավայրը հիմնովին խաթարուած է։
Ուստի, հարթակին շնորհահանդէսը կը խորհրդանշէ միայն ծրագիրին սկիզբը։ Պատասխանատուները կը նախատեսեն շարունակել անոր հարստացումը՝ գիտական ու ընտանեկան նոր արխիւներով, բանաւոր վկայութիւններով եւ այլ վաւերագրերով։
Այս նախաձեռնութեամբ, թուային տիրոյթը կը դառնայ փոխանցման նոր միջավայր մը այնպիսի մշակոյթի մը համար, որուն կենսատարածքն ու համայնքները ցրուած են։ Նպատակը միայն արխիւներու պահպանումը չէ, այլեւ կարելիութիւն ընձեռելը, որ սովորոյթները, պատմութիւնները, բառերն ու գիտելիքները շարունակեն ապրիլ եւ փոխանցուիլ ապագայ սերունդներուն։
