Սեւանը՝մէկ ափէն միւսը. Յովհաննէս Գաբրիէլեանի սխրանքը

539518137-17896554654275732-1141782770434433822-n

Սիրողական լուղորդ Յովհաննէս Գաբրիէլեան իսկական սխրանք մը իրագործած է՝ լողով կտրելով Սեւանայ լիճի երկու ծայրամասերը իրարմէ բաժնող 74 քիլոմեթր տարածութիւնը։

Սեպտեմբեր 12, ժամը 19.45-ին, Ծովակ գիւղի ափերէն ճամբայ ելլելով, ան շուրջ 34 ժամ անընդմէջ լողալէ ետք հասած է Ծովագիւղի լողափ, ուր զինք դիմաւորած են իր հարազատները։ Այսպէսով, ան կը հանդիսանայ առաջին լուղորդը, որ Հայաստանի մեծագոյն լիճը կը կտրէ իր ամբողջ երկայնքով։

Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Յովհաննէս Գաբրիէլեան լիճը կտրելու փորձ կատարած էր նաեւ 2025 Օգոստոսին։ Այն ատեն, սակայն, երբ ան արդէն գրեթէ 24 ժամ ջուրին մէջ անցուցած էր, անոր ընկերակցող խումբը բժշկական նկատառումներով ստիպուած եղած էր ընդհատել լողարշաւը։ Մէկ տարի ետք, Գաբրիէլեան այս անգամ յաջողած է ամբողջութեամբ յաղթահարել իր իսկ նետած մարտահրաւէրը։ Ափ հասնելէն անմիջապէս ետք, ան առնուած է բժշկական հսկողութեան տակ՝ բացառիկ այս ճիգէն ետք անոր ուժերը վերականգնելու նպատակով։