Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ իր առաջին մարզային այցելութեան համար կ՚ընտրէ Գիւմրին
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէ Սեպտեմբեր 15-ին կատարեց իր առաջին պաշտօնական մարզային այցելութիւնը՝ ուղեւորուելով Շիրակի մարզկեդրոն եւ երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը՝ Գիւմրի։
Շիրակի մարզպետ Դաւիթ Առուշանեանի կողմէ ընդունուելով՝ ֆրանսացի դիւանագէտը նշեց, թէ նպատակադրուած կերպով իր ընտրութիւնը կանգ առած է Գիւմրիի վրայ։ Ան ընդգծեց քաղաքին ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու «եզակի ոգին», ինչպէս նաեւ հոն առկայ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան բազմաթիւ վկայութիւնները։
Զրոյցի առանցքը կազմեցին Շիրակի զարգացման հեռանկարներն ու Ֆրանսայի հետ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ ներդրումային ոլորտներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մարզին համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Գիւմրիի «չոր նաւահանգիստ»-ի (բեռնափոխադրումներու ցամաքային կեդրոն) ծրագրին։ Այս առնչութեամբ, մարզպետը շեշտը դրաւ Շիրակի տրամադրութեան տակ գտնուող ենթակառոյցներուն, մասնաւորապէս՝ միջազգային օդակայանին ու երկաթուղային եւ ճանապարհային ցանցերուն ընձեռած կարելիութիւններուն վրայ։
Գիւմրի կատարած այս այցելութեամբ, Ֆրանսայի դեսպանը կը նախաձեռնէ իր առաքելութեան հիմքերը նախապատրաստող առաջին շփումներու շարքի մը՝ յատուկ ուշադրութիւն ընծայելով մարզերուն եւ չսահմանափակուելով միայն մայրաքաղաքով։
