Հայաստանի միացեալ տաղաւարը՝ Փարիզի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին
Սեպտեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան այցելեց Փարիզի մէջ սկիզբ առած զբօսաշրջային մեծագոյն միջոցառումներէն մէկուն՝ «IFTM Top Resa 2026» միջազգային ցուցահանդէսին ներկայացուած Հայաստանի միացեալ տաղաւարը։

Այս հեղինակաւոր միջազգային հարթակին վրայ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ, հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն առիթ ընձեռուած է լայն հանրութեան ներկայացնելու երկրի զբօսաշրջային ներուժը, ծանօթացնելու իրենց ծառայութիւններն ու առաջարկները, ինչպէս նաեւ նոր գործարար կապեր հաստատելու ֆրանսացի եւ միջազգային գործընկերներու հետ։

Դեսպան Խաչատրեան շրջած է հայկական տաղաւարին մէջ, զրուցած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած ոլորտի զարգացման ու ֆրանսական կողմին հետ գործակցութեան նոր հեռանկարներուն առնչուող օրակարգային հարցեր։

