Փարիզի մէջ շուրջ 600 հազար հաւատացեալներ համախմբուեցան Հռոմի Պապի մատուցած բացօթեայ պատարագին

Պապ

Փարիզի կեդրոնը Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26-ին Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ.-ի մասնակցութեամբ մեծ բացօթեայ պատարագ մը մատուցուեցաւ։ Գոնգորտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած այս հանդիսաւոր արարողութեան շուրջ 600 հազար հոգի ներկայ գտնուեցաւ։ Ժողովուրդը արդէն ժամեր առաջ սկսած էր կուտակուիլ Շան զ՚Էլիզէի յարակից հատուածներուն մէջ։

Մինչ նախագահ Մաքրոն նախընտրած էր չմասնակցիլ պատարագին՝ յառաջ քշելով պետութեան եւ հետեւաբար իր պաշտօնին աշխարհական բնոյթը, ներկաներուն շարքին էին քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր, ինչպէս՝ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, Մարին Լը Փէնն ու նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփը։

Լեւոն ԺԴ. Պապը չորսօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսա։ Քահանայապետ ընտրուելէն ի վեր, ասիկա անոր անդրանիկ այցն է երկիրս։

Այցելութեան առաջին օրն իսկ՝ Սեպտեմբեր 25-ին, շուրջ 300 հազար հոգի դուրս եկած էր Փարիզի փողոցները՝ ողջունելու համար Պապը։ Աւելի ուշ, 80 հազար երիտասարդներ եւս համախմբուած էին Սէն Տընիի մարզադաշտին մէջ կազմակերպուած աղօթքի երեկոյթին։

Հռոմի Պապը այցելեց նաեւ 2019-ի աւերիչ հրդեհէն ետք վերականգնուած Փարիզի Նոթր Տամը (Աստուածամօր տաճարը)։ Գոնգորտի հրապարակին վրայ մատուցուած պատարագէն ետք, Քահանայապետը մեկնեցաւ Լուրտ։