ՀԱՊԿ-ն պիտի քննարկէ Հայաստանը ձայնի իրաւունքէն զրկելու հարցը

Լաւրով

Լաւրովի համաձայն՝ պատճառը Երեւանի չվճարած անդամավճարներն են

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ղեկավարները Նոյեմբեր 11-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուելիք վեհաժողովին պիտի քննարկեն Հայաստանը Կազմակերպութեան մարմիններուն մէջ ձայնի իրաւունքէն զրկելու առաջարկը։ Այս մասին Նոյեմբեր 10-ին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Ռուս նախարարին համաձայն՝ Հայաստան 2024-էն ի վեր չէ վճարած իր անդամավճարները, եւ այժմ կը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածին կիրարկումը։ Որոշման նախագիծը կը նախատեսէ մինչեւ պարտքին ամբողջական վճարումը կասեցնել Հայաստանի ձայնի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան մարմիններուն մէջ հայաստանցի քաղաքացիներու նշանակման իրաւունքը՝ Հայաստանի վերապահուած պաշտօններուն համար։

Լաւրով շեշտած է, որ այս միջոցառումը պիտի չնշանակէ Հայաստանի հեռացումը Կազմակերպութենէն։ Ըստ իրեն՝ Երեւան պիտի պահպանէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրով նախատեսուած իր հիմնական իրաւունքները, ներառեալ հաւաքական պաշտպանութեան իրաւունքը։ Ան նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստան պաշտօնապէս չէ դիմած ՀԱՊԿ-ն կամ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը լքելու համար։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2024 Փետրուարին սառեցուցած էր իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն՝ Կազմակերպութեան կողմէ 2022-ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ազերպայճանական յարձակումներուն պատշաճ արձագանգ չստանալէ ետք։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 5-ին յայտարարած էր, թէ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ Հայաստանի հետաքրքրութիւնը սպառած է։ Երեւան մինչեւ օրս Կազմակերպութիւնը լքելու պաշտօնական դիմում չէ ներկայացուցած։