Փաշինեան եւ Մաքրոն Փարիզի մէջ քննարկեցին հայ-ֆրանսական ռազմավարական գործընկերութիւնն ու Հայաստանի՝ ԵՄ-ի հետ մերձեցումը

Փաշինեան եւ Մաքրոն Փարիզի մէջ քննարկեցին հայ-ֆրանսական ռազմավարական գործընկերութիւնն ու Հայաստանի՝ ԵՄ-ի հետ մերձեցումը

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման օրակարգին մաս կազմեցին նաեւ ենթակառոյցներու ծրագրերը, մուտքի արտօնագրերու ազատականացումը եւ տարածաշրջանային զարգացումները։

Capture decran 2026 11 11 a 00.14.43

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Նոյեմբեր 10-ին, Էլիզէի պալատին մէջ ունեցան հանդիպում մ, որու ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը, միացեալ ծրագրերը եւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը։

Capture decran 2026 11 11 a 00.13.32

Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին համաձայն՝ Մաքրոն ողջունած է Փաշինեանի մասնակցութիւնը Փարիզի խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին՝ հանդիպումը նկատելով հայ-ֆրանսական ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգը քննարկելու առիթ մը։ Իր կարգին, Փաշինեան բարձր գնահատած է երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած է գործակցութեան ընդլայնումը տարբեր մարզերու մէջ։

Capture decran 2026 11 11 a 00.13.56

Քննարկումներուն կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացին եւ ԵՄ-ի աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներուն։

Capture decran 2026 11 11 a 00.14.09

Այս առումով յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը սկսած էր Սեպտեմբեր 2024-ին, իսկ Նոյեմբեր 2025-ին Երեւանին փոխանցած էր համապատասխան գործողութիւններու ծրագիրը։ Եւրոպական յանձնաժողովը Ապրիլ 2026-ին հրապարակած է Հայաստանի յառաջընթացին վերաբերող իր առաջին զեկոյցը։ Առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդելու կարելիութիւնը, սակայն, տակաւին չէ դարձած ի զօրու եւ կախեալ է նախատեսուած պայմաններու գործադրումէն։

Ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդում

Փարիզի հանդիպումը տեղի ունեցաւ այն փուլին, երբ Հայաստան եւ Ֆրանսա կը շարունակեն գործադրել այս տարուան Մայիս 5-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը։

Ֆրանսայի նախագահին Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին ստորագրուած էին նաեւ շարք մը համաձայնագրեր եւ փոխըմբռնման յուշագրեր՝ ընդգրկելով կրթութիւնը, արհեստական բանականութիւնը, համացանցային անվտանգութիւնը, պաշտպանական արհեստագիտութիւնները եւ ենթակառոյցները։

Այդ համաձայնութիւններուն մաս կը կազմէր նաեւ Բարգուշատի փապուղիին կառուցման ծրագիրը՝ ֆրանսական VINCI Construction Grands Projets եւ Razel-Bec ընկերութիւններու մասնակցութեամբ։

Սեպտեմբեր 9-ին, դարձեալ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած իրենց նախորդ հանդիպումին, Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկած էին Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանացումը, տիեզերական մարզին մէջ գործակցութիւնը եւ Բարգուշատի փապուղիին շինարարութեան ընթացքը։

Նոյեմբեր 10-ի հանդիպման ընթացքին երկու ղեկավարները կրկին անդրադարձան ենթակառոյցներու եւ այլ մարզերու միացեալ ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։ Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութիւնը, սակայն, այս վերջին քննարկումներուն բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւն չի նշեր։

Փաշինեան՝ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին

Հայաստանի վարչապետը Փարիզ կը գտնուի՝ մասնակցելու Նոյեմբեր 10-11-ին կազմակերպուած խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին, որ այս տարի կը կրէ «Ինքնիշխանութենէն դէպի գործակցութիւն» խորագիրը։

Համաժողովի ծիրին մէջ Փաշինեան Նոյեմբեր 10-ին մասնակցեցաւ խառնածին սպառնալիքներու եւ պետութիւններու ինքնիշխանութեան նուիրուած քննարկումի մը՝ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահ Կորտանա Սիլիանովսքա-Տաւքովայի հետ։

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարին, պետական մարմիններու արագ արձագանգելու անհրաժեշտութեան եւ այս մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան։

Փաշինեան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած մանուկներու բարօրութեան նուիրուած միջազգային վեհաժողովի բացման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Էմանիւէլ Մաքրոն։