Գլխաշորին տակ թաքնուած տագնապը
Ալիեւ. «Թող ամէն ոք իր տեղը գիտնայ»
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արտաքին միջամտութիւններու դէմ արտասովոր կոշտ բառապաշար գործածած է՝ յայտարարելով, որ ո՛չ ոք իրաւունք ունի միջամտելու իր երկրին ներքին գործերուն կամ Ազերպայճանին թելադրելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրի։
Թէեւ Ալիեւ իր խօսքին մէջ չէ նշած, թէ իր յայտարարութիւնները ուղղուած են Թուրքիոյ կամ կապ ունին վերջին օրերուն գլխաշորի հարցով ծագած վէճին հետ, անոնք հնչած են ուշագրաւ ժամանակաշրջանի մը՝ Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ հագուստի նոր կանոններուն շուրջ Թուրքիայէն եկած քննադատութիւններէն ընդամէնը քանի մը օր ետք։
Սեպտեմբեր 21-ին Ազերպայճանի կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարած էր պետական դպրոցներու աշակերտներուն հագուստին վերաբերող կանոններուն մէջ։ Պաշտօնական որոշումը «գլխաշորի արգելք» եզրը չի գործածեր, սակայն անոր կիրարկումէն ետք տեղեկութիւններ եւ տեսանիւթեր տարածուեցան, ըստ որոնց՝ գլխաշոր կրող աշակերտուհիներուն կ՚արգիլուի դպրոց մուտք գործել։
Յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 22-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի իր ելոյթին մէջ քննադատեց դպրոցներու մէջ գլխաշորի արգելքները՝ զանոնք կիներու հիմնական իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն նկատելով։ Էրտողան Ազերպայճանի անունը չտուաւ, եւ հետեւաբար կարելի չէ հաստատել, որ ան ուղղակի Պաքուի վերջին որոշումի՞ն կ՚անդրադառնար, թէ՞ ոչ։
Այդուհանդերձ, օրեր ետք հարցը արդէն լարում ստեղծած է թրքական եւ ազերպայճանական հանրային դաշտերուն մէջ։
Սեպտեմբեր 26-ին Ազերպայճանի խորհրդարանի՝ Արտաքին միջամտութիւններու եւ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի ժամանակաւոր յանձնախումբը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ տարածքէն ընկերային ցանցերու միջոցով Ազերպայճանի դէմ «համակարգուած տեղեկատուական արշաւ» կը տարուի։
Յանձնախումբը պնդած է, որ արշաւը նպատակ ունի ոչ միայն հարուածելու Ազերպայճան-Թուրքիա «եղբայրական եւ դաշնակցային» յարաբերութիւնները, այլ նաեւ անվստահութիւն սերմանելու ազերպայճանական պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ եւ բեւեռացում յառաջացնելու հասարակութեան մէջ։
Նոյն օրը Ազերպայճանի Մամուլի եւ հեռարձակման խորհուրդը եւս դժգոհութիւն յայտնած է Թուրքիոյ լրատուական դաշտին մէջ շրջող հրապարակումներէն՝ զանոնք անհիմն եւ կողմնակալ որակելով։
Վէճը աւելի բացայայտ բնոյթ ստացած է Սեպտեմբեր 30-ին, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մուսթաֆա Եներօղլու ուղղակի քննադատած է Ազերպայճանի մէջ գլխաշոր կրող աշակերտուհիներուն նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումները։
Եներօղլու յայտարարած է, որ դպրոցէն գլխաշորի պատճառով աշակերտուհիներ հեռացնելը կը խախտէ անոնց հիմնական իրաւունքներն ու կրթութեան իրաւունքը։ Ան նաեւ ուղղակի կոչ ուղղած է Իլհամ Ալիեւին՝ ապահովելու գլխաշոր կրող աշակերտուհիներուն դպրոց վերադառնալու կարելիութիւնը, իսկ Էրտողանին եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ հարցը բարձրացնելու՝ Պաքուի հետ։
Այս իրադարձութիւններէն երկու օր ետք՝ Հոկտեմբեր 2-ին, «Նոր Ազերպայճան» կուսակցութեան 8-րդ համագումարին ելոյթ ունենալով՝ Ալիեւ խօսած է երկրի «գաղափարական տարածքը» արտաքին ազդեցութիւններէ զերծ պահելու անհրաժեշտութեան մասին եւ ընդգծած, որ Ազերպայճանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է կառուցուի այնպէս, որ ո՛չ ոք կարենայ միջամտել երկրի ներքին գործերուն։
Ան յայտարարած է.
«Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը այնպէս պէտք է կառուցենք, որ ոչ ոք միջամտէ մեր գործերուն։ Մեզի ոչ ոքի օգնութիւնը պէտք է, ոչ ալ՝ հովանաւորութիւնը»։
Ալիեւ ապա յիշեցուցած է այն տարիները, երբ Ազերպայճան, իր խօսքով, արտաքին աջակցութիւն չէր ստանար՝ շեշտելով, որ երկիրը իր ռազմական ուժը ստեղծած է սեփական միջոցներով։
«Երբ օգնութեան կարիք ունէինք, ոչ ոք մեզի օգնեց։ Ինչ որ ձեռք բերած ենք՝ մեր դրամով գնած ենք։ Ատոր մէջ կը մտնեն նաեւ մեր բոլոր զէնքերը։ Զանոնք միջազգային շուկայական գիներով, մինչեւ վերջին փամփուշտը, մեր դրամով գնած ենք»։
Ապա ան շատ աւելի կտրուկ շեշտով շարունակած է.
«Ո՛չ ոք կրնայ Ազերպայճանին խառնուիլ։ Թող ամէն ոք իր տեղը գիտնայ, մարդ չմիջամտէ մեր գործերուն, քիթը չխոթէ մեր ապրելակերպին եւ մեզի չըսէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք»։
«Թող ամէն ոք իր ժողովուրդով եւ իր պետութեամբ զբաղի»,– աւելցուցած է Ալիեւ։
Ազերպայճանի նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ երկրի «գաղափարական տարածքը» պէտք է զերծ մնայ «օտար տարրերէ եւ օտար ազդեցութիւններէ»՝ արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարը ներկայացնելով իբրեւ Ազերպայճանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւն։
Ալիեւ իր ելոյթին մէջ Թուրքիան կամ գլխաշորի շուրջ վէճը ուղղակի չէ յիշատակած։ Հետեւաբար կարելի չէ հաստատել, որ անոր յայտարարութիւնները Անգարային ուղղուած պատասխան էին։ Սակայն անոնց ժամանակագրութիւնը ուշագրաւ է. այս խօսքերը կը հնչեն Ազերպայճանի դպրոցական հագուստի կանոններուն շուրջ՝ Թուրքիոյ մէջ ծագած քննադատութիւններէն, Պաքուի՝ Թուրքիայէն եկող «տեղեկատուական արշաւի» մասին պաշտօնական բողոքէն եւ թուրք երեսփոխանի՝ Ալիեւին ուղղուած հրապարակային կոչէն անմիջապէս ետք։
***
Կ՚արժէ նաեւ նշել, որ վերջին օրերուն արդէն իսկ «սեւ կատու» մը անցած էր «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսը դաւանող Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ՝ ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին արձանագրուած միջադէպէ մը ետք։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ելոյթին ընթացքին տասնեակներով պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, ի նշան բողոքի լքած էին դահլիճը։ Ազերպայճանի ներկայացուցիչը, ընդհակառակն, մնացած էր իր տեղը եւ հետեւած ելոյթին։ Տեսարանները լայնօրէն տարածուած էին եւ զգալի աղմուկ բարձրացուցած Պաղեստինի պաշտպանի դերով ներկայացող Թուրքիոյ մէջ։
