Յունուար 25-ին, Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեան վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուցած է իր հրաժարականի դիմումը։
Ան չէ նշած իր հրաժարականի պատճառները։
Մուշեղ Մուրադեան զայն կը փոխարինէ
Կառավարութեան Յունուար 26-ի նիստին կայացուած որոշումներով՝ Նազելի Բաղդասարեան ազատ կացուցուած է Շիրակի մարզպետի պաշտօնէն եւ այդ պաշտօնին նշանակուած է Մուշեղ Մուրադեան։ Վերջինս երկար տարիներ վարած է Շիրակի մարզպետարանի հաշուեքննչական բաժնի պետի պաշտօնը։