Ազերպայճանի մէջ կը շարունակուին գլխաշորի արգելքին դէմ ցոյցերը

Ազերպայճան ցոյց-10-10_02-28-18-1

37 հոգի ձերբակալուած է, մինչ Instagram-ի եւ TikTok-ի հասանելիութեան խափանումները իշխանութիւններուն կողմէ առայժմ չեն մեկնաբանուած

Ազերպայճանի մէջ կը շարունակուին դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներուն դէմ բողոքի ցոյցերը։ Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւին դպրոցներու առջեւ հաւաքուած աշակերտներ, որոնք ըստ հրապարակումներուն՝ կը բողոքեն գլխաշոր կրող աղջիկներուն դպրոց մուտքի արգիլման դէմ։ Որոշ աշակերտներ նաեւ դասադուլի դիմած են՝ ի նշան զօրակցութեան։

Ազերպայճանի Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը Հոկտեմբեր 12-ին յայտնած է, թէ Պաքուի մէջ խումբ մը անձեր դպրոցներու աշխատակիցներուն հետ բախումնային կացութիւններ ստեղծած, պետական կրթական հաստատութիւններու գոյքին վնաս հասցուցած են ու փորձած այնպիսի գործողութիւններու դիմել, որոնք ըստ նախարարութեան՝ կոպտօրէն խախտած են հասարակական կարգը, խոչընդոտած երթեւեկութիւնը եւ դպրոցներու բնականոն աշխատանքը։ Նախարարութեան համաձայն՝ 37 հոգի ձերբակալուած է։

Բողոքները ծայր առած են Սեպտեմբերին դպրոցական համազգեստի կանոններուն փոփոխութենէն ետք։ Նախարարաց խորհուրդի ընդունած նոր կանոնները աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար կը սահմանեն աշխարհիկ հագուստի կանոններ։ Թէեւ որոշումին մէջ գլխաշորը բացայայտօրէն չի յիշատակուիր, համացանցի վրայ տարածուած բազմաթիւ տեսանիւթերու եւ հաղորդումներու համաձայն՝ գլխաշոր կրող աղջիկներու մուտքը կարգ մը դպրոցներ արգիլուած է։

Այս լարուած մթնոլորտին զուգահեռ, Ազերպայճանի մէջ օգտատէրեր Հոկտեմբեր 12-ի առաւօտէն սկսեալ դժուարութիւններ արձանագրած են Instagram եւ TikTok մուտք գործելու ժամանակ։ Ոմանք յայտնած են, որ հարթակները կը գործեն միայն VPN-ի միջոցով, իսկ ուրիշներ գանգատած են չափազանց դանդաղ կապէ, չթարմացող էջերէ եւ չբացուող տեսանիւթերէ։

Խափանումները դիտարկող ծառայութիւնները Ազերպայճանէն բողոքներ արձանագրած են, մինչ Instagram-ի կամ TikTok-ի համաշխարհային խափանում չէ արձանագրուած։ Այս պատճառով ընկերային ցանցերու վրայ ենթադրութիւններ տարածուած են, թէ սահմանափակումները կրնան առնչուած ըլլալ գլխաշորի հարցին շուրջ տարածուող տեսանիւթերուն եւ բողոքներուն։

Ազերպայճանի իշխանութիւնները մինչեւ հիմա պաշտօնական բացատրութիւն չեն տուած ընկերային ցանցերու որոշ հարթակներու խափանումներուն մասին. Instagram եւ TikTok ալ հարցին չեն անդրադարձած։

Ազերպայճան սահմանադրութեամբ աշխարհիկ պետութիւն է, եւ իշխանութիւնները դպրոցական համազգեստի պահանջները աւանդաբար կը հիմնաւորեն պետական կրթութեան աշխարհիկ բնոյթով։ Սակայն կրօնական գլխաշորին նկատմամբ այս կանոններուն գործադրութիւնը անցեալին ալ բողոքներու պատճառ դարձած է․ 2010-2012 թուականներուն նման սահմանափակումներու դէմ ցոյցեր տեղի ունեցած էին, որոնց մէկ մասը ոստիկանութիւնը ցրած էր, շարք մը մասնակիցներ ձերբակալուած էին։