Հայաստան առաջին երկիրը դարձաւ, որ վաւերացուց Agenus-ի քաղցկեղի դէմ երկու նոր դեղերը
Հայաստան դարձաւ ամերիկեան Agenus ընկերութեան մշակած քաղցկեղի դէմ երկու նոր դեղերու՝ Botvymo-ի եւ Evamplix-ի գործածութիւնը արտօնած՝ աշխարհի առաջին երկիրը։
Դեղերը նախատեսուած են միասին գործածուելու՝ նախապէս բուժում ստացած չափահաս հիւանդներու որոշակի խումբի մօտ, որոնք կը տառապին հաստ եւ ուղիղ աղիքի MSS տեսակի մետաստազային քաղցկեղէ, սակայն լեարդին մէջ գործուն մետաստազներ չունին։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան տուած արտօնութիւնը ի զօրու դարձած է 2026 Հոկտեմբեր 2-ին։ Ան տրուած է մէկ տարուան համար՝ երկարաձգելու կարելիութեամբ, եթէ ներկայացուին նոր կլինիկական տուեալներ։
Դեղերը մշակած է ամերիկեան կենսարհեստագիտական Agenus ընկերութիւնը, զոր կը գլխաւորէ հայազգի գործարար Կարօ Արմէն։ Դեղերուն վերաբերող ուսումնասիրութիւններու տուեալները, ներառեալ կլինիկական փորձարկումներու սկզբնական փուլերու արդիւնքները, հրապարակուած են գիտական Nature Medicine եւ Clinical Cancer Research հանդէսներուն մէջ։
Հայաստանի մէջ այս բուժումը պիտի տրամադրուի ոչ միայն երկրին բնակիչներուն, այլեւ արտասահմանէն եկող հիւանդներուն։
Կարեւոր է ընդգծել, որ խօսքը քաղցկեղի համընդհանուր դարմանի մասին չէ, այլ՝ դիմադրական համակարգը խթանող նոր բուժաձեւի (իմունաբուժութեան) մը, որ նախատեսուած է հիւանդներու յստակ սահմանուած խումբի մը համար։ Դեղերուն արդիւնաւէտութեան եւ անվտանգութեան ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին։
