Նեթանիահու կը պատրաստուի այցելելու Ազերպայճան

Նեթանիահու

Օրակարգին մէջ կրնան ըլլալ Թուրքիան, ուժանիւթային հարցերը եւ Իրանը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մօտ ապագային կրնայ այցելել Ազերպայճան։ Այս մասին հաղորդած են իսրայէլեան Israel Hayom եւ Jerusalem Post թերթերը՝ վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ։ Այցելութեան ճշգրիտ թուականը առայժմ չէ հրապարակուած։

Եթէ այցելութիւնը կայանայ՝ Նեթանիահուի երրորդ այցը պիտի ըլլայ Ազերպայճան։ Ան առաջին անգամ Պաքու այցելած էր 1997-ին՝ վարչապետի իր առաջին պաշտօնավարութեան շրջանին, իսկ երկրորդ անգամ՝ 2016-ին։

Ըստ Israel Hayom-ի, նախատեսուող բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթերէն կրնան ըլլալ Թուրքիան, ուժանիւթային հարցերը եւ Իրանի հետ առնչուող խնդիրները, որոնց շուրջ Իսրայէլ ու Ազերպայճան հասարակաց շահեր ունին։

Լուրը կը հրապարակուի Իսրայէլի հետ Ազերպայճանի վերջին աշխուժ դիւանագիտական շփումներուն ենթախորքին։ Ապրիլի սկիզբը տարբեր լրասփիւռներ հաղորդած էին, որ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջնորդած է Պաքուի մէջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւններուն՝ Սուրիոյ մէջ երկու երկիրներու հակադիր շահերէն ծագած խոր լարումի պայմաններուն մէջ։

Ալիեւ այդ ժամանակ ընդգծած էր, որ Թուրքիան եւ Իսրայէլը Ազերպայճանի մօտ բարեկամներն են, եւ Պաքու պատրաստ է նպաստելու անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները դարձեալ լարուեցան Կազայի պատերազմի ընթացքին։ Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս խստօրէն քննադատեց Նեթանիահուն։ Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները աւելի քան տասնամեակ մը սառած մնալէ ետք վերականգնուեցան 2022-ին, գործընթաց մը, որուն մէջ Ալիեւ եւս միջնորդական դեր ունեցած ըլլալու մասին խօսած է։