Ռուսաստանի շարք մը քաղաքներու մէջ արգիլուած է «Մոնթէ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը
Մոնթէ Մելքոնեանի մասին պատմող «Մոնթէ» ժապաւէնին՝ Ռուսաստանի շարք մը քաղաքներու մէջ նախատեսուած ցուցադրութիւնները չեղեալ յայտարարուած են ռուսական պետական արգելքի մը հետեւանքով։
Այս մասին նոյեմբեր 24-ին հաղորդած է ժապաւէնի արտադրիչ «Genetic Production» ընկերութիւնը՝ նշելով, որ ստեղծուած կացութեան պատճառով շարժանկարի սրահները ստիպուած են հրաժարելու ցուցադրութիւններէն։ Ընկերութիւնը ընդգծած է, որ որոշումը կայացուած է իր կամքէն եւ նախաձեռնութենէն անկախ պատճառներով։
Արտադրիչ խումբը շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիսատեսներուն՝ ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ աջակցութեան համար՝ աւելցնելով, որ կը քննէ բոլոր կարելիութիւնները՝ ստեղծուած կացութենէն ելք գտնելու եւ ժապաւէնը հանրութեան ներկայացնելու համար։
Արգելքին պաշտօնական պատճառները չեն յստակացուած։

