Ալիեւ կը ձգտի Արցախը տնտեսական աճի կեդրոնի վերածել՝ «Արեւելեան Զանգեզուր» անուանման շուրջ տարակարծութիւններու ենթախորքին

Ալիեւ

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նպատակադրած է Արցախն ու Պաքուի կողմէ «Արեւելեան Զանգեզուր» կոչուած շրջանները վերածել երկրի տնտեսական աճի նոր կեդրոնի։

Հոկտեմբեր 14-ին «Rebuild Garabagh» միջազգային ցուցահանդէսի մասնակիցներուն յղած ուղերձին մէջ Ալիեւ յայտնած է, թէ «Մեծ վերադարձ» կոչուած պետական ծրագրին երկրորդ հանգրուանը պիտի կեդրոնանայ մասնաւոր ներդրումներու յաւելման, մնայուն աշխատատեղերու ստեղծման եւ արտածման համար նախատեսուած արտադրութեան ընդլայնման վրայ։

Ծրագիրը մասնաւորապէս կը նախատեսէ նախորդ պատերազմներուն հետեւանքով տեղահանուած ազերպայճանցիներու վերաբնակեցումը Պաքուի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ։

Սակայն «Արեւելեան Զանգեզուր» անուանումը պարզ վարչական կամ աշխարհագրական բնորոշում մը չէ։ Ալիեւի՝ 2021 Յուլիս 7-ի հրամանագրով ստեղծուած այս տնտեսական շրջանը կ՚ընդգրկէ Քարվաճառի, Բերձորի (Լաչին), Ղուպաթլուի, Կովսականի (Զանգելան) եւ Ճեպրայիլի շրջանները, որոնք 2020-ի պատերազմէն ետք անցած են ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ։

Հայկական տեսանկիւնէն այս նորաստեղծ անուանումը քաղաքական եւ տարածքային լուրջ մտահոգութիւններ կը յարուցէ։ «Արեւելեան Զանգեզուր» եզրոյթը անուղղակիօրէն կ՚ենթադրէ նաեւ «Արեւմտեան Զանգեզուր»-ի գոյութիւնը։ Ալիեւ բազմիցս այդ անունով կոչած է Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ ազերպայճանական պատմական հող։

Այս բառապաշարը հայկական կողմէն կը դիտուի իբրեւ պատմական տեղանուններու փոփոխութեան միջոցով Պաքուի տարածքային յաւակնութիւնները ամրապնդելու փորձ։ Անիկա նաեւ կը սպառնայ ստուերի տակ ձգել Արցախի հայկական պատմական ինքնութիւնն ու տեղանունները։ Սակայն վարչական նման անուանումի մը ստեղծումը ինքնին իրաւական որեւէ հիմք չի տար Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ պահանջներ ներկայացնելու։

Ալիեւի ներկայացուցած տնտեսական ծրագրերը նաեւ պէտք է դիտել Արցախի հայաթափման ենթախորքին։ 2023 Սեպտեմբերին ազերպայճանական զինուորական յարձակումէն ետք աւելի քան 100 հազար հայեր ստիպուեցան լքել իրենց հայրենի բնակավայրերը։ Ալիեւի ուղերձին մէջ, սակայն, այս իրողութեան որեւէ անդրադարձ չկայ։

Ազերպայճանի նախագահը նաեւ բարձր գնահատած է այդ շրջաններուն մէջ իրականացուող քաղաքաշինական եւ ճարտարագիտական ծրագրերը՝ զանոնք այլ երկիրներու համար օրինակելի ներկայացնելով։

Անոր համաձայն, ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագրին (UN-Habitat) կազմակերպած եւ 2026 Մայիսին Պաքուի մէջ կայացած Քաղաքներու համաշխարհային 13-րդ համաժողովը նպաստած է Ազերպայճանի քաղաքաշինական ծրագրերուն միջազգային ճանաչման։

Ալիեւ անդրադարձած է նաեւ «Rebuild Garabagh» եւ «BakuBuild» ցուցահանդէսներուն՝ յոյս յայտնելով, որ անոնց միջոցաւ հաստատուած գործարար կապերը եւ նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկումը պիտի նպաստեն «Մեծ վերադարձ» ծրագրին ու շրջանի երկարաժամկէտ տնտեսական զարգացման։