Ռուբինեան Հռոմի մէջ զգուշացուց ժողովրդավարութեան սպառնացող արտաքին միջամտութիւններէն
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, թէ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար ոչ միայն հիմնական արժէք է, այլեւ ազգային անվտանգութեան անբաժանելի մաս։
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Հոկտեմբեր 15-ին, Հռոմի մէջ, Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու վեհաժողովին՝ «Դիմադրունակ ժողովրդավարութիւն. միասնաբար ընդդէմ խառնածին սպառնալիքներու» խորագրով քննարկման։
Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրա Պայըրի նախագահած քննարկման գլխաւոր զեկուցողներն էին Ռուբինեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէ եւ Ուքրաինայի խորհրդարանի նախագահ Ռուսլան Սթեֆանչուք։
Ռուբինեան շեշտած է, թէ ապատեղեկատւութիւնն ու արտաքին միջամտութիւնները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ պետութիւններու գերիշխանութեան համար։
Ան մասնաւորապէս անդրադարձած է Հայաստանի ընտրական շրջաններուն տնտեսական կարեւոր մարզերու նկատմամբ կիրարկուած առեւտրական սահմանափակումներուն։ Ըստ Ռուբինեանի, այս միջոցները, տեղեկատուական շահարկումներուն եւ քաղաքական ճնշումներուն հետ միասին, մաս կը կազմեն աւելի լայնածաւալ արշաւի մը, որուն նպատակն է ազդել Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ եւ զօրացնել արտաքին ազդեցութիւնը՝ ի նպաստ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ Ռուբինեան 2025 Օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընի հռչակագիրն ու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին նախաստորագրումը պատմական կարելիութիւն նկատած է՝ տասնամեակներու հակամարտութիւնը յաղթահարելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Ան կարեւոր նկատած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին յառաջընթացը՝ ի նպաստ աւելի բաց, կայուն եւ զարգացող Հարաւային Կովկասի։
Քննարկման աւարտին մասնակից խորհրդարաններու նախագահները հաւաքուած են միացեալ լուսանկարահանման համար։




