Միւնիխի մէջ կայացող Ապահովութեան հարցերուն նուիրուած համաժողովի բացման արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի վարչապետը։ Ներկայ եղած են քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ Արտաքին գործոց նախարարներ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահը, ԱՄՆ-ու փոխնախագահուհին, Նետերլանտներու վարչապետը, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը եւ այլք։
Փաշինեանի կարճատեւ հանդիպումը Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ
Համաժողովի շրջանակին մէջ, Փետրուար 17-ին, վարչապետ Փաշինեան կարճատեւ հանդիպում ունեցած է նախագահ Մաքրոնի հետ։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։
Հանդիպում՝ Ուրսուլա Վոն տեր Լեյէնի հետ
Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի հետ, վերջինիս հետ քննարկելով Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող զանազան հարցեր:
Կողմերը գաղափարներ փոխանակած են Եւրոպական Միութեան Արևելեան գործընկերութեան տնտեսական ու ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ իրագործուելիք նախագիծերու շուրջ: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին:
Հանդիպում նաեւ՝ Իրաքի վարչապետ Մոհամմէտ Շիա Ալ-Սուտանիի հետ
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրաքի իր պաշտօնակից Մոհամմէտ Շիա Ալ-Սուտանիի հետ ալ։ Զրուցակիցները ընդգծած են հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու քաղաքական, տնտեսական բնագաւառներու զարգացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական կապերու խորացման անհրաժեշտութիւնը, գործարարներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը։
Կողմերը համաձայնած են յառաջիկային կազմակերպել հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ, որու ընթացքին կը նախագծուին հետագայ քայլերն ու միատեղ ծրագրերը:
Նոյն օրը վարչապետը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Իրաքի նախագահին հետ։