Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը իր ծրագրին մէջ կը միաւորէ հայկական մշակոյթի տարբեր ոլորտներ՝ երաժշտութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն եւ համայնքային հանդիպումներ։ Ծրագրերը ուղղուած են ոչ միայն հայկական համայնքին, այլ նաեւ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուող աւելի լայն հասարակութեան։
Վերջին շրջանի ձեռնարկներուն շարքին տեղ գտած են երաժշտական երեկոներ, որոնց ընթացքին Darone Sassounian-ի եւ @rockyhillrecords-ի միջոցով ներկայացուած են հայկական ճազի, ֆանքի եւ սոուլի ձայնագրութիւններ։ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18-ին, Ararat house community-ին հետ կատարուած այս նախաձեռնութիւնը հայկական երաժշտական ժառանգութեան մէկ այլ երեսը կը ներկայացնէ եւ զայն կը կապէ երաժշտական աւելի լայն շրջանակներու հետ։
Մշակութային կեանք՝ առօրեայ հանդիպումներու միջոցով
«Սուրճպար»-ը կեդրոնի գործունէութեան մէկ այլ ձեւաչափն է։ Ամէն Հինգշաբթի առտու, ժամը 8-էն 10 կազմակերպուող հանդիպումները առիթ կու տան սուրճի շուրջ զրուցելու եւ տարբեր մարդոց հետ ծանօթանալու։
Այսպիսի նախաձեռնութիւնները մշակութային կեդրոնի գործունէութիւնը կը տարածեն նաեւ դասական մշակութային ձեռնարկներու սահմաններէն դուրս։ Մշակութային միջավայրը այս պարագային կ՚ընդգրկէ նաեւ հանդիպումը եւ ընկերային շփումը։
Գրականութիւն եւ պատմութիւն
Կեդրոնի ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ գրական հանդիպումներ։ Ակաթ Փինի հետ կազմակերպուածը կը վայելէր Ալֆորվիլի L’établi գրատան գործակցութիւնը: Սոյն հանդիպումը նուիրուած էր Էտկար Հիլզենրաթի «Edgar Hilsenrath, la voie de l’impertinence» կենսագրական գիրքին։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1-ին, Սեւան Անանեանի վարած քննարկման ընթացքին անդրադարձ եղած է Հիլզենրաթի կեանքին եւ ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ պատմութեան եւ յիշողութեան հետ անոր կապին։ Քննարկուած է նաեւ Հիլզենրաթի ներկայութիւնը Ալֆորվիլի մէջ 2015-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։
Այսպիսի հանդիպումները հայկական մշակութային միջավայրը կը կապեն գրականութեան, պատմութեան եւ յիշողութեան աւելի լայն թեմաներու հետ։
Ալֆորվիլի հայկական հետքը
Կեդրոնի գործունէութեան մէկ այլ ուղղութիւնը քաղաքի հայկական պատմութեան ներկայացումն է։ UGAB-ի 120-ամեակի ծիրէն ներս, Սեւան Անանեանի ուղեկցութեամբ՝ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ին կազմակերպուած «Ալֆորվիլի հայկական գիւղի արահետներուն վրայ» շրջայցը այցելուներուն հնարաւորութիւն ընձեռած է ծանօթանալու Ալֆորվիլի հայկական ներկայութեան պատմութեան։
Շրջայցերու միջոցով պատմական տեղեկութիւնները կը կապուին քաղաքի տարածքին՝ փողոցներուն, շէնքերուն եւ համայնքի կեանքին հետ։ Այս ձեւով հայկական ներկայութիւնը կը մատուցուի որպէս Ալֆորվիլի ընդհանուր պատմութեան մէկ մասը։
Ձեռնարկներուն կազմակերպման մէջ ուշագրաւ է նաեւ սրահի ընդհանուր տեսքը։ Սեղաններու դասաւորումը, լուսաւորութիւնը, զարդերը եւ տարածքի խնամքը կը կազմեն ձեռնարկներու ընդհանուր միջավայրին մէկ մասը։ Այս մանրամասնութիւնները կը նպաստեն գործնական եւ ներշնչող պայմաններու ստեղծման։
Երաժշտական վարպետաց դաս
Կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին եւ Ալֆորվիլի երաժշտանոցին, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9-ին, Ալֆորվիլի երաժշտանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Armenian Spirit» խորագրով վարպետաց դաս մը։ Ալֆորվիլի եւ Հայ մշակոյթի տան աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Գէորգ Արապեան» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայ էին՝ հոյլ մը հանդիսատեսներու շարքին:
Դաշնակահարուհի եւ երգահան Լիւսի Խանեան եւ հայկական աւանդական փողային նուագարաններու մասնագէտ Աննա Յովհաննիսեան ներկայացուցին հայկական աւանդական երաժշտութեան, ժամանակակից ստեղծագործութեան զուգորդումները։
Երեկոն եզրափակուեցաւ երկու արուեստագէտներու համատեղ երաժշտական ելոյթով։
Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ տարբեր ձեւաչափեր, որոնց միջոցով հայկական մշակոյթը կը ներկայացուի նաեւ համայնքէն դուրս գտնուող այցելուներուն։ Երաժշտական երեկոները, գրական հանդիպումները, պատմական շրջայցերը եւ ընկերային նախաձեռնութիւնները կը ստեղծեն բազմազան առիթներ՝ մշակութային գիտելիքները փոխանցելու, նոր կապեր հաստատելու եւ համայնքային կեանքը աշխուժացնելու համար։
Այս իմաստով Հայ մշակոյթի տունը կը գործէ միաժամանակ որպէս մշակութային ծրագրերու կազմակերպման եւ մարդոց հանդիպումի վայր։ Հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը այստեղ կը բացայայտուին գործնական եւ հաղորդական միջավայրի մը մէջ՝ պահպանելով համայնքային ժառանգութիւնը եւ միաժամանակ հասանելի դառնալով աւելի լայն հասարակութեան։
Ն. Ս.-Թ. ■
