Մահացած է Թրանսիլվանիոյ հայկական ժառանգութեան նուիրեալ պահապանը՝ Շարոլթա Իշեքուց

Շարոլթա-1-e1795793798956-489x500

Կան արժանաւոր նուիրեալ հայեր, որոնք հանգամանքներու բերումով անձայն ու անշշուկ կը հեռանան կեանքէն՝ առանց իրենց վաստակին պատշաճ ճանաչումն ու հանրային արձագանգը գտնելու։ Անոնցմէ էր իր կեանքը Թրանսիլվանիոյ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերածաղկման նուիրած Շարոլթա Իշեքուցը (Sarolta Issekutz), որ մահացաւ 21 Նոյեմբեր 2026-ին, 81 տարեկանին։

Ծնած 1945-ին, Հունգարիոյ Նովա բնակավայրին մէջ, Շարոլթա Իշեքուց կը սերէր Թրանսիլվանիոյ Եղիսաբէթուպոլիս (այժմ՝ Տումպրըվէն, Ռումանիա) քաղաքէն եկող ծանօթ հայկական ընտանիքէ մը։ Իր կեանքին մեծ մասը անցուց Պուտափեշտի մէջ։

Իրաւաբանութեամբ զբաղող Իշեքուցը, առանց մասնագիտութեամբ հայագէտ ըլլալու, բացառիկ ներդրում ունեցաւ Թրանսիլվանիոյ հայութեան պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման մէջ։

Համայնավար վարչակարգի անկումէն ետք ան գործուն դեր ունեցաւ Հունգարիոյ հայկական փոքրամասնութեան ինքնակառավարման մարմիններու ստեղծման աշխատանքներուն մէջ՝ օգտուելով 1993-ին ընդունուած ազգային փոքրամասնութիւններու մասին օրէնսդրութենէն։

1996-ին հիմնեց Պուտափեշտի Հայկական ակումբը, որ կազմակերպեց մշակութային հանդիպումներու եւ դասախօսութիւններու շարք մը։ Յաջորդ տարի ստեղծեց «Թրանսիլվանիոյ հայկական արմատներ» մշակութային միութիւնը եւ հիմնեց համանուն պարբերականը, որուն էջերուն մէջ լոյս տեսան համայնքի տարեց անդամներուն յուշերը, պատմական վկայութիւններ եւ համայնքային կեանքին վերաբերող տեղեկութիւններ։

Իր նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան տասնեակ հատորներ՝ նուիրուած Թրանսիլվանիոյ հայութեան պատմութեան ու մշակոյթին, ներառեալ հազուագիւտ գիրքերու վերատպութիւններ։ Կազմակերպեց նաեւ ցուցահանդէսներ, մշակութային ձեռնարկներ եւ հայկական յուշարձաններու բացման հանդիսութիւններ՝ նպաստելով հունգար հասարակութեան մէջ հայկական ժառանգութեան ճանաչման։

Անոր երկարամեայ աշխատանքին շնորհիւ մոռացութեան մատնուելու վտանգին ենթակայ՝ Թրանսիլվանիոյ հայութեան պատմութեան բազմաթիւ էջեր պահպանուեցան ապագայ սերունդներուն համար։

Շարոլթա Իշեքուցի մահով հունգարահայութիւնը կորսնցուց իր մշակութային յիշողութեան նուիրեալ պահապաններէն մէկը, իսկ հայագիտութիւնը՝ ժառանգութեան պահպանման անխոնջ գործակից մը։

Աղբիւր՝ Պենետեք Ժիգմոնտ, 

Պուտափեշտի Էօթվէօշ Լորանտ համալսարան (ELTE)

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH