Լէոնարտօ ՏիԳափրիօ կ՚ողջունէ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած միջազգային համախմբումը
Հոլիվուտեան աստղ եւ բնապահութեան պաշտպան Լէոնարտօ ՏիԳափրիօ ողջունած է Հայաստանի եւ Գոլոմպիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած միջազգային համախմբումը, որուն նպատակն է փրկել անհետացման վտանգի ենթակայ կենդանական եւ բուսական տեսակները եւ վերականգնել անոնց բնական պաշարները։
Ինսթակրամի իր էջին վրայ դերասանը շեշտած է, թէ այլեւս բաւարար չէ միայն կանխել տեսակներու անհետացումը. անհրաժեշտ է նաեւ գործնական միջոցներով նպաստել անոնց բազմացման եւ վերականգնման։
Երեւանի մէջ COP17-ի ղեկավարներու վեհաժողովին առիթով յայտարարուած նոր նախաձեռնութիւնը՝ CARES-ը, կը համախմբէ տասնեօթը կառավարութիւններ՝ Հայաստանի եւ Գոլոմպիոյ գլխաւորութեամբ։
Միաժամանակ, բարեսիրական ինը հիմնադրամներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին՝ ՏիԳափրիոյի համահիմնադրած «Re»-ն, ստեղծած են առանձին դաշինք մը՝ յանձն առնելով յառաջիկայ հինգ տարիներուն աւելի քան 500 միլիոն տոլար յատկացնել անհետացման սպառնալիքի տակ գտնուող տեսակներու վերականգնման։
Դերասանը շնորհաւորած է նախաձեռնութիւններուն մասնակից կառավարութիւններն ու կազմակերպութիւնները՝ ընդգծելով, որ բնութեան պահպանութիւնը կը պահանջէ երկարատեւ յանձնառութիւն, համակարգուած ջանքեր եւ կայուն գանձատրում։
Յիշեցնենք, որ կենսաբազմազանութեան նուիրուած ՄԱԿ-ի COP17 համաժողովը Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 19-էն 30։
