Իսրայէլի նախագահին «արգիլուած թռիչքը» նոր լարում յառաջացուցած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ

Հերցոկ-Ալիեւ

Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի Պաքու այցելութիւնը նոր տարակարծութիւններ յառաջացուցած է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ։ Ան Թուրքիոյ օդային տարածքով հասած է Պաքու՝ օգտուելով ազերպայճանական «AZAL» ընկերութեան սովորական մարդատար թռիչքէն, մինչ Անգարա արգիլած է իսրայէլեան պետական օդանաւերուն անցքը իր օդային տարածքէն։

Թրքական իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ տեղեակ չէին Հերցոկի ներկայութենէն այդ օդանաւին մէջ։ Յիշեցնենք, որ 2024-ին Թուրքիոյ մերժումը պատճառ դարձած էր, որ Իսրայէլի նախագահը հրաժարի Պաքուի COP29 համաժողովին մասնակցելէ։

Այս անգամ Հերցոկ մասնակցած է Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու խորհրդաժողովի (CICA) վեհաժողովին եւ հանդիպում ունեցած Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Վեհաժողովին ընթացքին, սակայն, երբ Հերցոկ սկսած է իր ելոյթը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ տասը երկիրէ աւելի պատուիրակութիւններ լքած են սրահը՝ ի նշան բողոքի։

Իսրայէլի նախագահի թռիչքին մասին թրքական դժգոհութիւնը լաւ ընդունելութիւն չէ գտած Պաքուի մէջ։ Ազերպայճանական APA գործակալութիւնը հրապարակած է մեկնաբանութիւն մը՝ շեշտելով, թէ Հերցոկ սովորական ուղեւորատոմսով ճամբորդած է, առանց յատուկ թռիչքի կազմակերպման։ Գործակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ բարձրացած աղմուկը «անհիմն» որակած է՝ քննադատելով Ազերպայճանը թիրախ դարձնելու միտումը։

Այս միջադէպը կու գայ աւելնալու երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ ծագած տարակարծութիւններուն։ Անոնցմէ գլխաւորը Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներն են, որոնց հետեւանքով աշակերտուհիներու եւ ուսուցչուհիներու մուտքը դասարան արգիլուած է շարք մը դպրոցներու մէջ։ Բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած է աւելի քան 30 հոգի։

Ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալի քննադատութիւններուն, Ազերպայճանի իշխանութեան գլուխ գտնուող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութիւնը Անգարան մեղադրած է երկրի ներքին գործերուն միջամտելով՝ յիշեցնելով, թէ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսը նման իրաւունք չի տար։

Տարակարծութեան միւս աղբիւրը Իսրայէլի հետ Պաքուի սերտ կապերն են։ Մինչ Թուրքիա խստօրէն կը քննադատէ Իսրայէլը Կազայի պատերազմի պատճառով, Ազերպայճան կը շարունակէ անոր հետ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական գործակցութիւնը։ Իսրայէլեան զէնքերը կարեւոր դեր ունեցած են Ազերպայճանի բանակին արդիականացման եւ Արցախի դէմ պատերազմներուն մէջ, մինչ Պաքու Իսրայէլի քարիւղի գլխաւոր մատակարարներէն մէկն է։

Այդուհանդերձ, երկու երկիրներու ղեկավարութիւնները կը փորձեն մեղմել լարումը։ Հոկտեմբեր 15-ին Պաքուի մէջ Ալիեւի եւ ազերպայճանցի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումներէն ետք, Հաքան Ֆիտան ընդգծած է, թէ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին ուղղակի բանակցութիւններով, այլ ոչ թէ ընկերային ցանցերու վրայ փոխադարձ մեղադրանքներով։

Թուրքեւազերպայճանական ռազմավարական գործակցութիւնը կը շարունակուի, սակայն վերջին միջադէպերը ցոյց կու տան, որ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին ետին ամէն ինչ այնքան ալ հարթ չէ։