Պաքու պահանջած է Էրտողանի խորհրդականին պաշտօնանկութիւնը

Ալի-Էրտո

Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ լարումը նոր զարգացում արձանագրած է։ Ըստ «Middle East Eye»-ի, Ազերպայճանի իշխանութիւնները Թուրքիայէն պահանջած են պաշտօնանկ ընել նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Օքթայ Սարալը, որ քննադատած էր ազերպայճանական դպրոցներուն մէջ գլխաշոր կրելու արգելքը։

Թերթին համաձայն, Պաքու նաեւ պահանջած է պատժել ընկերային ցանցերու վրայ Իլհամ Ալիեւը քննադատող անձերը եւ փակել անոնց հաշիւները։ Թրքական իշխանութիւնները որոշ հաշիւներ փակած են, սակայն Սարալի նկատմամբ քայլ չեն առած։

Լարումը սաստկացած է, երբ ազերպայճանական լրասփիւռներ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը մեղադրած են Ալիեւի դէմ պետական հարուած կազմակերպելու փորձով։ Թրքական դեսպանատունը խստօրէն հերքած է այդ պնդումները։

Յարաբերութիւնները աւելի եւս սրած է Էրտողանի բացակայութիւնը Պաքուի միջազգային վեհաժողովէն՝ Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի ներկայութեան պատճառով։ Ըստ թերթին, Ալիեւի մասնակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած Թրքական պետութիւններու յաջորդ վեհաժողովին տակաւին անորոշ կը մնայ։

Պաքու Թուրքիոյ 31 քաղաքացիներ «անցանկալի անձ» հռչակած է

Այս բոլորէն ետք, Անգարա–Պաքու լարումը նոր դրսեւորում մը եւս ունեցած է. Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 21-ին Թուրքիոյ 31 քաղաքացիներ «անցանկալի անձ» հռչակած է՝ արգիլելով անոնց մուտքը երկիր։

Պաքու իր որոշումը կը պատճառաբանէ ազերպայճանական իշխանութիւններուն դէմ ընկերային ցանցերու մէջ կատարուած արտայայտութիւններով, որոնց շարքին, ըստ նախարարութեան, կան բռնի իշխանափոխութեան կոչեր եւ կրօնական ատելութիւն հրահրող գրութիւններ։

Ցանկին մէջ են լրագրողներ, մտաւորականներ, կրօնական եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց կարգին՝ «Նոր բարօրութիւն» կուսակցութեան նախագահ Ֆաթիհ Էրպաքան եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Էօմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու։

Նախորդ օրն ալ Պաքու ձերբակալութեան հրամանագիր արձակած էր Թուրքիոյ եօթը քաղաքացիներու դէմ՝ բռնի իշխանափոխութեան կոչեր ուղղելու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու մեղադրանքով։

Այս որոշումները նոր աստիճանի կը հասցնեն երկու դաշնակից երկիրներուն միջեւ ծագած լարումը, որ վերջին շաբաթներուն սաստկացած է ազերպայճանական դպրոցներուն մէջ գլխաշորկրելու արգելքին եւ Պաքուի՝ Իսրայէլի հետ սերտ յարաբերութիւններուն շուրջ ծաւալած վէճերուն պատճառով։

Էրտողան-Ալիեւ՝ հեռաձայնային զրոյց

Լարումի այս ենթախորքին վրայ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 21-ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Թուրքիոյ նախագահութեան հաղորդակցութեան վարչութեան համաձայն, երկու ղեկավարները անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն։

Էրտողան յայտնած է, թէ Թուրքիա եւ Ազերպայճան, իրենց եղբայրական կապերէն ուժ առնելով, պիտի շարունակեն խորացնել գործակցութիւնը։ Ան դարձեալ շնորհաւորած է Ալիեւը՝ Ազերպայճանի անկախութեան վերահաստատման 35-ամեակին առիթով, եւ զինք հրաւիրած է Անգարայի մէջ գումարուելիք Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովին։

Ազերպայճանի նախագահութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Ալիեւ իր կարգին վստահութիւն յայտնած է, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ։

Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները որեւէ ակնարկութիւն չեն կատարեր վերջին շաբաթներուն երկու երկիրներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւններուն։ Այս առթիւ եւս յայտնի չէ դարձած, թէ Ալիեւ ընդունա՞ծ է Անգարա այցելելու հրաւէրը։