Կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն պատերազմական պայմաններու տակ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Կարե­լի՞ է պա­տերազ­մի ժա­մանակ պաշտ­պա­նել կեն­սա­բազ­մա­զանու­թիւնը։ Այ­սօր աշ­խարհի վրայ բազ­մա­թիւ պա­տերազմներ կը մղուին՝ Ռու­սաստանի պա­տերազ­մը Ուքրաի­նայի դէմ, Եւ­րո­պայի սահ­մաննե­րուն մօտ, Իս­րա­յէլի, Միացեալ Նա­հանգնե­րու եւ Իրա­նի մաս­նակցու­թեամբ հա­կամար­տութիւննե­րը, որոնց հե­տեւանքնե­րը կը տա­րածուին նաեւ Եմէ­նի եւ Սաու­տա­կան Արա­բիոյ վրայ, ինչպէս նաեւ պա­տերազմներ Սո­մալիոյ, Եթով­պիոյ եւ Ափ­րի­կէի այլ եր­կիրնե­րու մէջ… Մինչ այդ, Երե­ւանի մէջ կը գու­մա­րուի ՄԱԿ-ի կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան COP17 խորհրդա­ժողո­վը, որուն նպա­տակն է կա­սեց­նել կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան կո­րուստը եւ նպաս­տել անոր վե­րականգնու­մին։ Խորհրդա­ժողո­վին նախոր­դած ղե­կավար­նե­րու վեհա­ժողո­վին մաս­նա­կից­նե­րը, որոնց շար­քին կա­յին նաեւ պա­տերազմնե­րու մէջ ներգրաւուած պե­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, որ­դեգրե­ցին Երե­ւանի հռչա­կագի­րը։ Անի­կա կ՚ըն­դունի, թէ մի­ջազ­գա­յին ջան­քերն ու ար­ձա­նագ­րուած յա­ռաջըն­թա­ցը տա­կաւին ան­բա­ւարար են, ուստի անհրա­ժեշտ է ան­յա­պաղ արա­գաց­նել աշ­խա­տանքնե­րը եւ վե­րահաս­տա­տել Քունմին–Մոն­րէալի կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին հա­մաձայ­նութեան յանձնա­ռու­թիւննե­րը, որոնց նպա­տակն է մին­չեւ 2030 կա­սեց­նել եւ շրջել կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան անկման ըն­թացքը, իսկ մին­չեւ 2050՝ ապա­հովել բնու­թեան հետ ներ­դաշնակ գո­յակ­ցութիւն։

Ահա կարգ մը մեծ տէ­րու­թիւննե­րու քա­ղաքա­կան վեր­նա­խաւե­րուն ան­հե­թեթ ու հա­կասա­կան գոր­ծունէու­թեան զա­ւեշ­տա­լի պատ­կե­րը։ Մէկ կող­մէ՝ որո­շումներ կ՚ըն­դունին կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան պահ­պա­նու­թեան եւ բնու­թեան հետ ներ­դաշնակ ապ­րե­լու մա­սին, իսկ միւս կող­մէ՝ մի­լիառ­ներ կը յատ­կացնեն աւե­լի ու աւե­լի կա­տարե­լագոր­ծուած զէն­քեր ար­տադրե­լու, պա­տերազմներ մղե­լու, քան­դե­լու, մահ ու սուգ սփռե­լու եւ բնու­թեան հա­ւասա­րակշռու­թիւնը խախ­տե­լու հա­մար։

Ար­դէն սո­վորա­կան պայ­մաննե­րու մէջ գի­տական եւ ար­հեստա­գիտա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թիւնը նպաս­տած է սպա­ռողա­կան հա­սարա­կու­թիւննե­րու զար­գացման՝ անոնց ամէն օր հրամցնե­լով նոր գոր­ծիքներ, մե­քենա­ներ եւ նո­րարար սար­քեր՝ պատ­րաստուած մե­տաղէ, կեր­պընկա­լէ եւ ար­հեստա­կան այլ նիւ­թե­րէ։ Անոնց ար­տադրու­թիւնը, ձեռքբե­րու­մը եւ գոր­ծա­ծու­թե­նէ ետք ոչնչա­ցու­մը ծանր հե­տեւանքներ կ՚ու­նե­նան բնու­թեան վրայ։ Սպա­ռողա­կան հա­սարա­կու­թիւննե­րը շատ աւե­լի թա­փօն կ՚ար­տադրեն, քան կրնան վե­րամ­շա­կել։ Իսկ պա­տերազ­մա­կան պայ­մաննե­րու մէջ աւե­լի ու աւե­լի կա­տա­րե­լագոր­ծուած ռումբե­րու, հրթիռ­նե­րու եւ ական­նե­րու պայ­թումնե­րը կ՚ոչնչաց­նեն ամ­բողջա­կան բնա­կան մի­ջավայ­րեր, կը քան­դեն բնա­կավայ­րեր, հսկա­յական քա­նակու­թեամբ բե­կոր­ներ ու թա­փօն­ներ կը գո­յաց­նեն, մարդկա­յին կո­րուստնե­րու եւ բնակ­չութեան տե­ղահա­նու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նան։ Վեր­ջին հա­շուով՝ այս աւե­րածու­թիւննե­րը եր­կա­րատեւ վնաս կը հասցնեն կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան։

COP17-ի ծի­րէն ներս Հա­յաս­տան, իր սե­փական փոր­ձա­ռու­թեամբ վկա­յեց պա­տերազ­մի եւ կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան պահ­պա­նու­թեան ան­հա­մատե­ղելիու­թեան մա­սին։ Հոկ­տեմբեր 16-ին, ղե­կավար­նե­րու վեհաժողո­վին ըն­թացքին կազ­մա­կեր­պուած քննար­կումի մը մաս­նակցե­լով, վար­չա­պետ Փա­շինեան անդրա­դար­ձաւ Ար­ցա­խեան առա­ջին պա­տերազ­մին եւ 1990-ական­նե­րու ու­ժա­նիւ­թի տագ­նա­պին հե­տեւանքնե­րուն։ Ան յի­շեց Սե­ւանայ լի­ճին ձկնա­յին պա­շար­նե­րուն սպառ­ման վտան­գը, ինչպէս նաեւ վա­ռելա­նիւ­թի պա­կասին պատ­ճա­ռով ջե­ռուցման հա­մար կա­տարուած զան­գուածա­յին ան­տա­ռահա­տումնե­րը, որոնք ծանր վնաս հաս­ցուցած էին Հա­յաս­տա­նի բնա­կան մի­ջավայ­րին։

Ար­ցա­խեան առա­ջին պա­տերազ­մին գոր­ծա­ծուած զէն­քե­րուն աւե­րիչ կա­րողու­թիւնը կա­րելի չէ հա­մեմա­տել այ­սօ­րուան պա­տերազմնե­րուն մէջ կի­րար­կուող մի­ջոց­նե­րուն հետ։ Այ­դուհան­դերձ, անոր եւ այդ տա­րինե­րու տագ­նա­պին պատ­ճա­ռած բնա­պահ­ական վնաս­նե­րուն հետ­քե­րը մին­չեւ այ­սօր զգա­լի են Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Իսկ ներ­կա­յիս՝ Ուքրա­ինայի եւ Ռու­սաստանի մի­ջեւ, ինչպէս նաեւ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ մղուող պա­տերազմնե­րը ան­հա­մեմատ աւե­լի մեծ ծա­ւալի աւե­րածու­թիւններ կը պատ­ճա­ռեն։ Բա­ւական է նկա­տի առ­նել քա­րիւ­ղի զտա­րան­նե­րու ռմբա­կոծումնե­րուն հե­տեւան­քով ծագած հրդեհ­նե­րը կամ ծո­վուն մէջ քա­րիւ­ղա­տար եւ այլ բեռ­նա­տար նա­ւերու պայ­թումնե­րուն յա­ռաջա­ցու­ցած ապականումն ու վնաս­նե­րը՝ ըմբռնե­լու հա­մար այ­սօ­րուան բնապահական աղէտներուն տա­րողութիւնը։

Կենսա­բազ­մա­զանու­թեան պահ­պա­նու­թեան պայ­քա­րը ամէ­նօրեայ պայ­քար մըն է, որ պէտք չէ միայն կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն մե­նաշ­նորհը մնայ։ Բնա­պահ­նե­րը, հա­սարա­կական գոր­ծիչնե­րը, մտա­ւորա­կան­ներն ու քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան այլ ներ­կա­յացու­ցիչներ նոյնպէս պէտք է մաս­նակցին այդ պայ­քա­րին։ COP17 խորհրդա­ժողո­վին Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յացու­մը մեծ յաղ­թա­նակ մըն է հայ­կա­կան դի­ւանա­գիտու­թեան հա­մար։ Դեռ երէկ՝ 2020-ի պար­տութե­նէն ետք, եր­կի­րը կը գտնուէր Ազեր­պայճա­նի լայ­նա­ծաւալ յար­ձակման սպառ­նա­լիքին տակ։ Իսկ վեց տա­րի ետք, ՄԱԿ-ի մի­ջազ­գա­յին կա­րեւո­րագոյն խորհրդա­ժո­ղով­նե­րէն մէ­կը կը գու­մա­րուի Երե­ւանի մէջ։

Ժ.Չ. ■