Վրացի հոգեւորականի մը հակահայ արտայայտութիւնները պատճառ դարձած են Վրաստանի հայ համայնքի բողոքին
Վրաստանի Ուրպնիսի–Ռուիսի թեմի առաջնորդ Եոպ (Աքիաշվիլի) մետրոպոլիտին հակահայ արտայայտութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցած են Վրաստանի հայ համայնքին մէջ։
Հոկտեմբեր 14-ին, վրացական Սվետիցխովլոպա կրօնական տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին ընթացքին, հոգեւորականը վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած է հայ ժողովուրդին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասին՝ հայ հաւատացեալները նոյնիսկ «հերձուածողներ» կոչելով։
Մետրոպոլիտը պնդած է, թէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն առաջինը ընդունած ըլլալու հայերուն հպարտութիւնը զիրենք առաջնորդած է դաւանական շեղումի։ Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Վրաստանի մէջ ապրող հայերուն մեծամասնութիւնը ուղղափառ է, եւ թէ ուղղափառութիւնն է քրիստոնէական միակ ճշմարիտ հաւատքը։
«Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է այս արտայայտութիւնները՝ շեշտելով, որ անոնք կը հակասեն քրիստոնէական եղբայրութեան, հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն։
Իր հաղորդագրութեան մէջ կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, թէ Հայ առաքելական եկեղեցին աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկն է եւ հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հիմնասիւներէն։
Հայ համայնքը Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանէն եւ Սուրբ սինոդոսէն պահանջած է քննել մետրոպոլիտին արտայայտութիւնները եւ յստակ դիրքորոշում յայտնել անոնց նկատմամբ։
Կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ դաւանական տարակարծութիւնները չեն կրնար արդարացնել հայ հաւատացեալներուն վիրաւորանքը, մանաւանդ երբ հայ եւ վրացի ժողովուրդները դարաւոր քրիստոնէական պատմութիւն ու համակեցութեան հարուստ աւանդութիւն ունին։
