Տեղական ընտրութիւններ. ՔՊ-ն յաղթած է համայնքներու մեծ մասին մէջ, բացի Ստեփանաւանէն
Հայաստանի մէջ Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ին, 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներով՝ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը յաղթանակ տարած է 16 համայնքներու մէջ, իսկ երկու ուրիշ համայնքներու մէջ՝ դաշնակցելով «Գործարար» կուսակցութեան հետ։ Բացառութիւն կազմած է Ստեփանաւանը, ուր առաւելագոյն քուէները ստացած է «Գործարար» կուսակցութիւնը։
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հրապարակած վերջին նախնական տուեալներուն համաձայն, Ստեփանաւանի մէջ «Գործարար»-ը ստացած է քուէներուն 41,54 տոկոսը՝ 5506 քուէ, իսկ ՔՊ-ն՝ 35,32 տոկոսը՝ 4681 քուէ։ Երրորդ դիրքը գրաւած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 19,68 տոկոսով։
«Գործարար»-ի ընտրական ցանկը գլխաւորած է Ստեփանաւանի պաշտօնաւարտ համայնքապետ Արմէն Գրիգորեան, որ 2021-ին ընտրուած էր ՔՊ-ի ցանկով։ Նախնական հաշուարկով՝ համայնքի 21 անդամներէ բաղկացած աւագանիին մէջ «Գործարար»-ը պիտի ունենայ ինը, ՔՊ-ն՝ ութ, իսկ «Ուժեղ Հայաստան»ը՝ չորս աթոռ։
Նոյն «Գործարար» կուսակցութիւնը Գորիսի մէջ ՔՊ-ի հետ կազմած է «Համերաշխութիւն» դաշինքը՝ համայնքապետի թեկնածու առաջադրելով Առուշ Առուշանեանը։ Դաշինքը ստացած է քուէներուն 93,57 տոկոսը։ Ան յաղթանակ արձանագրած է նաեւ Գաւառի մէջ։
Ստեփանաւանի մէջ արձանագրուած է նաեւ ընտրողներու մասնակցութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւնը՝ 68,83 տոկոս, մինչ ամէնէն ցածը եղած է Ֆիոլեթովոյի մէջ՝ 25,39 տոկոս։
Ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած են նաեւ հաւանական խախտումներ։ «Ականատես» դիտորդական առաքելութիւնը, այցելելով 407 ընտրատեղամասեր, անոնցմէ 137-ին մէջ արձանագրած է 217 խնդիր եւ հաւանական ընտրախախտում։ Նշուած են ընտրատեղամասերու մէջ կուտակումներ, քուէարկութեան գաղտնիութեան խախտման վտանգներ եւ ընտանիքի անդամներու կողմէ միասնական քուէարկութեան դէպքեր։
Քուէարկութեան նախօրեակին տեղեկութիւններ հրապարակուած էին նաեւ կարգ մը համայնքներու մէջ ընդդիմադիր թեկնածուներու եւ անոնց համակիրներու ձերբակալութիւններուն մասին։ Հայաստանի հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) կոմիտէն հաստատած էր, թէ ընտրակաշառքի մեղադրանքով ձերբակալութիւններ կատարուած են՝ առանց հրապարակելու ձերբակալուածներուն ինքնութիւնը։ Ստեփանաւանի մէջ ձերբակալուածներուն շարքին կը գտնուէր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան համայնքապետի թեկնածու Արսէն Գէորգեան։ Կուսակցութիւնը ձերբակալութիւնները քաղաքական հետապնդում որակած է, մինչ իրաւապահ մարմինները կը պնդեն, թէ անոնք հիմնուած են քրէական գործով ձեռք բերուած տուեալներու վրայ։
