Ազերպայճանի նախագահական աշխատակազմի նախկին պետը 14 տարի պայմանական բանտարկութեան դատապարտուած է

Ազ-Աշխատակազմի

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Ազերպայճանի նախագահական աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւը 14 տարի բանտարկութեան դատապարտած է՝ պետութեան դէմ ուղղուած ծանր յանցագործութիւններու համար։ Սակայն դատարանը, նկատի ունենալով անոր տարիքն ու առողջական վիճակը, որոշած է պատիժը պայմանական նկատել։

Մեհտիեւ յանցաւոր ճանչցուած է չորս յանցանքի համար՝ ապօրինի միջոցներով ձեռք բերուած գումարներու եւ գոյքի օրինականացում, պետական դաւաճանութիւն, իշխանութեան բռնի գրաւման կամ սահմանադրական կարգի բռնի փոփոխութեան փորձ եւ կաշառակերութիւն։ Վերջին մեղադրանքը կը վերաբերի մեծ գումարներով կաշառք ստանալուն։

Դատարանը նաեւ որոշած է առաջարկ ներկայացնել՝ Մեհտիեւը պետական պարգեւներէն զրկելու հարցը քննութեան առնելու համար։ Միաժամանակ հրահանգուած է բռնագրաւել անոր գոյքը՝ յօգուտ պետութեան։

1995-էն 2019 Ազերպայճանի նախագահական աշխատակազմը ղեկավարած Մեհտիեւի դէմ քրէական հետապնդումը սկսած էր Հոկտեմբեր 2025-ին։ Դատավճիռը արձակուած է Հոկտեմբեր 22-ին, սակայն անոր մանրամասնութիւնները հրապարակուած են Հոկտեմբեր 27-ին։