Դատարանը փակած է Մայր Աթոռին դէմ նախկին եպիսկոպոսին բացած դատը. Սարոյեան պիտի բողոքարկէ
Կարգալոյծ հռչակուած՝ Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ (Արման) Սարոյեան
Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանը որոշած է դադրեցնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի բացած դատին քննութիւնը։ Սակայն նախկին հոգեւորականը, որ կարգալուծումէն ետք կը կրէ իր աշխարհական՝ Արման Սարոյեան անունը, յայտարարած է, թէ պիտի բողոքարկէ դատարանին որոշումը եւ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի իր նախկին պաշտօնին վերադարձին համար։
Վէճը ծագած էր երբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Սարոյեանը հեռացուցած էր Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։ Սարոյեան դիմած էր դատարան՝ պահանջելով չեղեալ նկատել Կաթողիկոսին որոշումը եւ զինք վերադարձնել իր պաշտօնին։
Դատարանը նախապէս ժամանակաւոր որոշումով պահանջած էր վերականգնել զինք թեմի առաջնորդի պաշտօնին վրայ։ Մայր Աթոռը, սակայն, մերժած էր գործադրել այդ որոշումը՝ պնդելով, թէ եկեղեցական պաշտօններու նշանակումն ու պաշտօնէ հեռացումը աշխարհիկ դատարաններու իրաւասութենէն դուրս կը գտնուին։ Հետագային Սարոյեան նաեւ կարգալոյծ հռչակուած էր։
Այժմ դատարանը ընդունած է Մայր Աթոռին պաշտպանած իրաւական տեսակէտը։ Ըստ փաստաբան Արա Զօհրաբեանի, դատարանը հաստատած է, թէ թեմակալ առաջնորդներու նշանակումն ու պաշտօնէ հեռացումը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին իրաւասութեան կը պատկանին եւ կը կարգաւորուին եկեղեցական կանոններով, հետեւաբար չեն կրնար քաղաքացիական դատավարութեան առարկայ դառնալ։
Դատարանը նաեւ ջնջած է իր նախորդ որոշումով հաստատուած ժամանակաւոր սահմանափակումները, որոնք Մայր Աթոռին արգելք կ՚ըլլային Մասեացոտնի թեմին վերաբերող կարգ մը տնօրինութիւններ կատարելու։
Սարոյեան, սակայն, չի հաշտուիր այս որոշումին հետ։ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին յայտնած է, թէ թեմակալ առաջնորդ մը այդ ձեւով պաշտօնէ չեն հեռացներ, ոչ ալ կարգալոյծ կը հռչակեն։ Ան վճռականօրէն հաստատած է, որ պիտի բողոքարկէ որոշումը եւ շարունակէ իր պայքարը։
Այս դատական վէճը առնչութիւն ունի նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներու դէմ յարուցուած քրէական գործին հետ։ Անոնք կը մեղադրուին Սարոյեանի պաշտօնին վերականգնումը պահանջող դատարանի նախորդ որոշումը չգործադրելնուն համար։
Նոր որոշումով քաղաքացիական դատը կը փակուի, սակայն Սարոյեանի յայտարարած բողոքարկումն ու դատական նախորդ որոշումը չգործադրելու առնչութեամբ բացուած քրէական գործը կը նշանակեն, թէ Մայր Աթոռին շուրջ ծագած իրաւական վէճը տակաւին չէ հասած իր աւարտին։
