«Այս ամէնը լաւ ապագայ չի խոստանար Հայաստանի համար»
ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այհան Հաճիզատէ՝ մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մարտ 14-ի յայտարարութիւնները, ըսած է. “Հակառակ խոստումներուն եւ միջազգային հարթակներու վրայ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, ան կը շարունակէ հակաազերպայճանական քարոզչութիւնն ու հռետորաբանութիւնը, խափանելով խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւնները եւ միջազգային միջնորդներու ջանքերը։ Այս ամէնը լաւ ապագայ չի խոստանար Հայաստանի համար”։
“Հայաստանի տարածքի իրենց հողերէն Ազերիներու բռնի տեղահանման փաստին՝ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ժխտումը կ՚ապացուցէ, թէ ան մտադիր է արդարացնելու ամբողջ տասնամեակներ Հայաստանի վարած ցեղային զտման պարբերական եւ նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը”,– շեշտած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։