Անգարա–Պաքու. լարումի նոր նշաններ

Էրտո-Ալիեւ

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջին շրջանին ծագած տարակարծութիւնները նոր զարգացումներ ունեցած են։ Մինչ երկու երկիրները տարբեր դիրքորոշումներ կը դրսեւորեն ՄԱԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարին ընտրութեան շուրջ, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բացակայութիւնը Անգարայի մէջ գումարուած վեհաժողովէն նոր հարցականներ յառաջացուցած է անոնց յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը՝ տարակարծութեան նոր աղբիւր

Անգարա կը պատրաստուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար առաջադրելու Եւրոպայի անվտանգութեան եւ գործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի թեկնածութիւնը։ Պաքու, սակայն, ողջունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ նոյն պաշտօնին համար Լանա Զաքի Նուսէյպէի թեկնածութեան առաջադրումը։

Հոկտեմբեր 27-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է, թէ ՄԱԿ-ի ղեկավարին ընտրութեան ընթացքին պէտք է նկատի առնուին թեկնածուներուն դիւանագիտական փորձառութիւնը, անաչառութիւնը եւ անդամ երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու կարողութիւնը։

Թէեւ Պաքու ուղղակի չէ քննադատած թրքական հաւանական թեկնածութիւնը, չէ ալ յստակացուցած, թէ պիտի պաշտպանէ՞ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թեկնածուն։

ՄԱԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի պաշտօնավարութեան շրջանը կ՚աւարտի Դեկտեմբեր 31-ին։ Անոր յաջորդը պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2027 Յունուար 1-ին։

Ալիեւ բացակայեցաւ Անգարայի վեհաժողովէն

Երկու դաշնակիցներուն միջեւ լարումի նոր նշան մը նկատուած է Հոկտեմբեր 30-ին, երբ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չէ մասնակցած Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովին։

Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 21-ին հեռաձայնով անձամբ հրաւիրած էր Ալիեւը։ Այսուհանդերձ, Ազերպայճանը վեհաժողովին ներկայացուցած է Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն, Ալիեւի բացակայութիւնը պայմանաւորուած էր նախապէս ճշդուած պարտաւորութիւններով եւ աշխատանքային ծանրաբեռնուած յայտագրով։ Նշուած է մասնաւորաբար Պաքուի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 15 տարեկաններու ֆութպոլի մրցաշարքին պարգեւաբաշխութիւնը, որուն պիտի մասնակցէր նախագահը։

Սակայն այս բացակայութիւնը ուշադրութիւն գրաւած է, քանի որ վերջին շաբաթներուն Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւններ ծագած էին ազերպայճանական դպրոցներուն մէջ գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներուն շուրջ։

Թուրք քաղաքական գործիչներու քննադատութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցած էին Պաքուի մէջ, ուր զանոնք նկատած էին երկրի ներքին գործերուն միջամտութիւն։

Թէեւ Անգարա փորձած է մեղմացնել լարումը, Ալիեւի բացակայութիւնը նոր ենթադրութիւններու տեղի տուած է։ Առայժմ, սակայն, որեւէ պաշտօնական հաստատում չկայ, թէ վեհաժողովին չմասնակցելու որոշումը ուղղակի կապուած է երկու երկիրներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւններուն։