Նիս կը նախատեսէ պատուոյ քաղաքացի հռչակել Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները
Ֆրանսայի Նիս քաղաքի քաղաքապետ Էրիք Սիոթի յայտարարած է, թէ մտադիր է առաջարկել Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներուն շնորհել Նիսի պատուոյ քաղաքացիի կոչում։
Այս մասին ան յայտնած է անցեալ շաբաթ տեղւոյն հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, որ նուիրուած էր ազերպայճանական բանտերուն մէջ գտնուող հայերու ազատ արձակման պահանջին։
Հաւաքին մասնակցած են հայ եւ ֆրանսացի հասարակական ու քաղաքական գործիչներ։ Անդրադարձ կատարուած է Արցախի հակամարտութեան պատմութեան եւ 2023 Սեպտեմբերին ազերպայճանական յարձակումին հետեւանքով տեղի ունեցած ցեղային զտումին։
2025 Դեկտեմբեր 17-էն ի վեր Նիսի քաղաքապետարանի ճաղերուն վրայ կը ցուցադրուին Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն լուսանկարները՝ անոնց ճակատագիրը հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահելու նպատակով։
Էրիք Սիոթի վերահաստատած է, որ քաղաքը պիտի շարունակէ հետապնդել հայ գերիներուն ազատ արձակման հարցը՝ մինչեւ անոնց ազատութիւնը։
Քաղաքապետին համաձայն, պատուոյ քաղաքացիի կոչում շնորհելու նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ Նիսի զօրակցութեան նոր արտայայտութիւն մը՝ Պաքուի մէջ տակաւին բանտարկուած հայերուն նկատմամբ։
