ԹԷքէեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը Երեւանի մէջ
Սեփական թղթակցութիւն «Նոր Յառաջ»-ի – Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2-ի յետմիջօրէին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ կայացաւ Թէքէեան մշակութային միութեան 2026 թուականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը։ Այս տարի, աւանդական երեք անուանակարգերուն աւելցած էր չորրորդ մը՝ ազգային արժէքներու պահպանութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդման մրցանակը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Հայաստանի ԹՄՄ-ի վարչութեան նախագահ դոկտոր Ռուբէն Միրզախանեան յայտարարեց այս տարուան մրցոյթի յաղթողներուն անունները։ Գրականութեան անուանակարգին մէջ մրցանակի արժանացաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի երբեմնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Հանրի Գիւնին՝ Կոմիտասի կեանքին նուիրուած իր գիրքին համար։ Հայագիտութիւն անուանակարգին մրցանակը տրուեցաւ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի եւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտոր Արտակ Մաղալեանին՝ Արցախի մելիքութեանց 17-19-րդ դարերու պատմութեան եւ մելիքական տոհմերու մասին իր մենագրութեան համար։ Գեղարուեստի անուանակարգին մրցանակը տրուեցաւ գեղանկարիչ, Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեանին։ Նորաստեղծ անուանակարգին մրցանակը համապատասխան դատակազմը շնորհեց ԱՄՆ-ու անգլիալեզու «Տը Արմինիըն միրըր-սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին, յանձին՝ գլխաւոր խմբագիր Ալին Գրիգորեանի։ Ի դէպ, այս առթիւ Երեւան եկած էին ու մրցանակները անձամբ ստացան պարոն Գիւնին եւ տիկին Գրիգորեանը։
Հանդիսութեան ընթացքին մրցանակակիրներէն իւրաքանչիւրը արտայայտուեցաւ իր կատարած աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութեանց ու անոնց յաղթահարման իրենց ջանքերուն մասին։ Մրցանակակիրներուն ու անոնց մրցանակի արժանացած գործերուն մասին ելոյթներ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, բանասէր Աէլիթա Տոլուխանեանը (ֆրանսերէն, ապա հայերէն), Փարիզի «Արշակ Չօպանեան» հիմնարկի տնօրէն, քաղաքագէտ Վարուժան Սիրապեանը (ֆրանսերէն՝ համաժամանակեայ հայերէն թարգմանութեամբ), զանգուածային լրասփիւռներու դաշտի փորձագէտ Արմէն Ամիրեանը, ակադեմիկոս, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը եւ արուեստաբան Արա Յակոբեանը։
Մրցանակաբաշխութեան անմիջապէս հետեւեցաւ «Շուշի. Անհերքելի փաստեր» ֆիլմի չորրորդ մասի առաջնադիտումը։
Երեկոյթը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, որու ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու մրցոյթին, մրցանակակիրներուն, անոնց աշխատանքներուն ու ապագայ ծրագրերուն մասին։
ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ-ԵԱԶԸՃԵԱՆ ■
