Հայաստանի մէջ սկսած է կենսաչափական նոր անցագրերու տրամադրումը
Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 1-էն սկսեալ կը տրամադրուին նոր սերունդի կենսաչափական անցագրեր (passeport) եւ ինքնութեան քարտեր, որոնք կը համապատասխանեն միջազգային արդի չափանիշերուն։
Հոկտեմբեր 31-ին, նոր համակարգի գործարկման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան առաջին անցագրերը յանձնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին։ Վարչապետն ալ անցագրեր յանձնած է աշխարհահռչակ երաժիշտ Լորիս Ճգնաւորեանին եւ խումբ մը երիտասարդներու։
Նոր անցագրերը կ՚օժտուին անձին ինքնութիւնը հաստատող կենսաչափական տուեալներով, մասնաւորաբար լուսանկարով եւ մատնահետքերով։ Անոնք աւելի ապահով են, դժուար կը կեղծուին եւ պիտի նպաստեն պետական առցանց ծառայութիւններէն օգտուելու դիւրացման։
Քաղաքացիները կրնան նախապէս արձանագրուիլ համացանցի միջոցով, իսկ անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու տուեալները ստուգուելէ ետք՝ այցելել սպասարկման կեդրոն՝ լուսանկարուելու եւ մատնահետքերը յանձնելու համար։ Գործող անցագրերն ու ինքնութեան քարտերը կը շարունակեն վաւերական մնալ մինչեւ իրենց պայմանաժամին աւարտը։
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ նոր համակարգին գործարկումը կարեւոր քայլ մըն է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագրերու վերացման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն համար։
Սակայն կենսաչափական անցագրերու ներդրումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր, թէ Հայաստանի քաղաքացիները արդէն կրնան առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդել Եւրոպական Միութեան երկիրներ։ Այդ հարցով բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին։
