Եւրոպական յանձնաժողովը մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ հայութեան իրաւունքներուն սահմանափակումներուն առնչութեամբ

Եւրոպական յանձնաժողով

Անդրադարձ՝ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ Հրանդ Տինքի դատական գործին

Եւրոպական յանձնաժողովը Նոյեմբեր 4-ին հրապարակած՝ Թուրքիոյ վերաբերող իր տարեկան զեկոյցին մէջ մտահոգութիւն յայտնեց երկրին ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն շարունակուող սահմանափակումներուն մասին։ Զեկոյցը մասնաւորաբար կ՚անդրադառնայ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արգելքներուն եւ ատելութեան դրսեւորումներուն։

Զեկոյցը մասնաւորաբար կը յիշատակէ Օգոստոսին ծագած վէճը՝ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող երեխաներու ընդունելութեան շուրջ։ Կրթութեան նախարարութեան քննիչները վարժարաններու տնօրէններուն բանաւոր կերպով տեղեկացուցած էին, թէ այլեւս կարելի չէ Հայաստանէն եկած երեխաները ընդունիլ իբրեւ «հիւր աշակերտներ»։

Սակայն Օգոստոս 26-ին, նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ կատարուած խորհրդակցութենէ մը ետք, իշխանական երեսփոխան Սեւան Սըվաճըօղլու յայտարարեց, թէ նոր սահմանափակում չէ հաստատուած, եւ 2012-էն ի վեր գործող կարգադրութիւնը կը մնայ ի զօրու։ Այդ կարգադրութեամբ՝ Հայաստանի քաղաքացիներու զաւակները կրնան յաճախել հայկական համայնքային վարժարանները, սակայն առանց պաշտօնական վկայական ստանալու իրաւունքի։ Այդուհանդերձ, «Ակօս»-ի Սեպտեմբերի վերջաւորութեան եւ Հոկտեմբերի սկիզբի հրապարակումներուն համաձայն՝ կարգ մը վարժարաններ դեռ կը դժուարանային նոր աշակերտներ արձանագրել՝ նախարարութենէն գրաւոր յստակացում ստացած չըլլալով։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ կրթութեան նախարարութեան քննիչները ստուգումներ կատարած են փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ։ Նման ստուգումներու ենթարկուած են նաեւ յունական եւ հրէական վարժարանները։

Եւրոպական յանձնաժողովը կ՚արձանագրէ նաեւ, որ Պոլսոյ նահանգապետարանը Ապրիլ 2026-ին արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նուիրուած գլխաւոր հրապարակային ձեռնարկները։

Զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ 2007-ին սպանուած Հրանդ Տինքի գործին։ Սպանութեան առնչութեամբ պետական պաշտօնատարներու վերադատավարութեան հարցը տակաւին կը սպասէ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանի քննութեան։

Յանձնաժողովը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ատելութեան խօսքն ու ատելութենէ մղուած յանցագործութիւնները, որոնց գլխաւոր թիրախներուն շարքին են հայերը, յոյները, հրեաները, ալեւիներն ու սուրիացիները։

Փաստաթուղթը կը մատնանշէ նաեւ փոքրամասնութիւններու կրօնական հաստատութիւններուն իրաւական կարգավիճակի բացակայութիւնը, մայրենի լեզուով կրթութեան դժուարութիւնները, մշակութային եւ կալուածային իրաւունքներու սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն մէջ անոնց անբաւարար ներկայացուցչութիւնը։

Եւրոպական յանձնաժողովին գնահատումով՝ Թուրքիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէնսդրական ու հաստատութենական համակարգը կը մնայ թերի, իսկ խտրականութեան դէմ պայքարին մէջ զգալի յառաջընթաց չէ արձանագրուած։