ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Հանրապետականներու ծանր պարտութիւնը՝ քաղաքական լուրջ հարուած Տանըլտ Թրամփին
Հաքիմ Ճեֆրիզ կը դիմէ լրագրողներուն
Նոյեմբեր 3-ի միջանկեալ ընտրութիւնները ծանր պարտութիւն մը եղան Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան համար եւ քաղաքական լուրջ հարուած մը՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ Ընտրական անսպասելի մեծ յաջողութիւն արձանագրելով՝ դեմոկրատները վերատիրացան Գոնկրէսի երկու պալատներուն մեծամասնութեան, միաժամանակ հանրապետականներէն խլելով քանի մը նահանգապետի պաշտօններ։
Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ուր նորոգութեան ենթակայ էին բոլոր՝ 435 աթոռները, դեմոկրատները առնուազն 30 աթոռ աւելի շահեցան։ Ծերակոյտին մէջ անոնք հանրապետականներէն խլեցին առնուազն եօթը աթոռ՝ ապահովելով 54 ծերակուտականով մեծամասնութիւն մը, ընդդէմ հանրապետականներու 44-ին, մինչ երկու աթոռներու ճակատագիրը տակաւին անորոշ կը մնար։ Այս յաջողութիւնը ա՛լ աւելի ուշագրաւ է, որովհետեւ դեմոկրատները յաղթանակներ տարին նաեւ աւանդաբար պահպանողական նահանգներու մէջ, ինչպէս Թեքսասը, Քանզասը եւ Հարաւային Գարոլայնան։
Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրեց նաեւ նահանգապետերու ընտրութիւններուն՝ հանրապետականներէն խլելով հինգ նահանգներու ղեկավարութիւնը, որոնց կարգին՝ Թեքսասի, Ճորճիայի եւ Օհայոյի։ Իրականութեան մէջ, հանրապետականներու պարտութիւնը չի սահմանափակուիր Գոնկրէսով, այլ կը վկայէ երկրին տարածքին դժգոհութեան լայն ալիքի մը մասին։
Պատժական քուէ՝ Տանըլտ Թրամփի դէմ
Թէեւ Տանըլտ Թրամփի անունը չկար քուէաթուղթերուն վրայ, բայց եւ այնպէս ան անձամբ մեծ մասնակցութիւն բերած էր ընտրապայքարին՝ բազմաթիւ այցելութիւններ կատարելով եւ հանրապետական թեկնածուներուն ի նպաստ հրապարակային ելոյթներ ունենալով։ Ան նոյնիսկ ընտրողներուն կոչ ուղղած էր քուէարկելու այնպէս, ինչպէս ինք եւս թեկնածու ըլլար։ Սակայն իր անմիջական աջակցութիւնը վայելող բազմաթիւ թեկնածուներ պարտուեցան, նոյնիսկ այն նահանգներուն մէջ, զորս հանրապետականները իրենց ապահով յենարանները կը նկատէին։
Ընտրական առաջին վերլուծութիւնները ցոյց կու տան նախագահին քաղաքականութեան նկատմամբ խոր դժգոհութիւն մը։ Կեանքի սղութիւնը, ընտանիքներուն տնտեսական դժուարութիւնները, Ուաշինկթընի հաստատած մաքսատուրքերուն հետեւանքները եւ Իրանի դէմ պատերազմը ծանր ազդեցութիւն ունեցան ընտրութիւններուն վրայ։ Կարեւոր դեր խաղացին նաեւ եղծանման եւ պետական գործերու կառավարման վերաբերեալ մտահոգութիւնները։
Ընտրողներու շրջանակին մէջ կատարուած հարցախոյզները կը վկայեն, որ մեծամասնութեան համար կեանքի սղութիւնը վճռական հարցերէն մէկն էր։ Հանրապետական կուսակցութիւնը նաեւ կորսնցուց 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն Թրամփին աջակցած ընտրողներուն մէկ մասը, մասնաւորաբար լատինամերիկեան ծագումով քաղաքացիներու, երիտասարդներու եւ անկախ ընտրողներու շրջանակին մէջ։
Նախագահին համար այլ ձախողութիւն մըն ալ եղաւ ընտրատարածքներու սահմանները վերագծելու քաղաքականութիւնը, որուն Թրամփի վարչակազմը զարկ տուած էր քանի մը նահանգներու մէջ՝ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական թեկնածուներուն յաղթանակի կարելիութիւնները աւելցնելու նպատակով։ Այս ռազմավարութիւնը չապահովեց ակնկալուած յաջողութիւնը։ Կարգ մը ընտրատարածքներու մէջ դեմոկրատները նոյնիսկ յաջողեցան խախտել հանրապետականներուն ամուր նկատուող դիրքերը։
Նախագահութեան վերջին երկու տարիները՝ քաղաքական առճակատումներու հեռանկարով
Ուաշինկթընի մէջ ստեղծուած քաղաքական նոր կացութիւնը զգալիօրէն պիտի դժուարացնէ Թրամփի նախագահութեան վերջին երկու տարիները։ Սպիտակ տուն վերադարձէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ ան ստիպուած պիտի ըլլայ գործակցելու ընդդիմութեան հակակշռին տակ գտնուող Գոնկրէսի մը հետ։
Դեմոկրատները այսուհետեւ պիտի կարենան խոչընդոտել նախագահին օրէնսդրական ծրագրերուն մէկ մասը, ինչպէս նաեւ պիտի կարենան աւելի խիստ վերահսկողութիւն հաստատել դաշնակցային ծախսերուն վրայ, խորհրդարանական քննութիւններ բանալ վարչակազմին գործունէութեան վերաբերեալ եւ ընդդիմանալ կարգ մը նշանակումներու, մասնաւորաբար դատական համակարգին մէջ։ Սակայն անոնք պիտի չունենան անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը՝ նախագահական վեթօն առանձինն չէզոքացնելու կամ պաշտօնանկութեան ընթացակարգ մը մինչեւ վերջ հասցնելու համար։
Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատներու ղեկավար Հաքիմ Ճեֆրիզ, որ կը պատրաստուի ստանձնելու պալատի նախագահութիւնը, յայտարարեց, թէ նոր մեծամասնութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան քաղաքացիներուն գնողունակութեան պաշտպանութիւնը եւ վարչակազմին գործունէութեան վերահսկողութիւնը։
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ ընդունեց, որ Իրանի դէմ պատերազմը դեր ունեցած է իր կուսակցութեան ընտրական դժուարութիւններուն մէջ, սակայն շարունակեց պաշտպանել զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկելու իր որոշումը։ Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու դեմոկրատներուն հետ։
Խորհրդարանական պարտութենէն անդին, այս ընտրութիւնները քաղաքական լուրջ նախազգուշացում մըն են Միացեալ Նահանգներու նախագահին համար։ Անոնք ի յայտ կը բերեն երկու տարի առաջ զինք իշխանութեան հասցուցած ընտրական համախմբումին տկարութիւնները եւ կը բանան քաղաքական ու հաստատութենական սուր առճակատումներու նոր շրջան մը՝ 2028-ի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին։
