Ազերպայճանի Երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութիւնն ու ազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակած են միացեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«2023 Ապրիլ 14-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ընթացքին, պաշտօնապէս հաւատարմագրուած անձի մը կողմէ յանդգնօրէն այրուած է Ազերպայճանի դրօշը։
Այն պայմաններուն տակ, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէ ատելութեան այսպիսի մթնոլորտ, ապահովուած չէ անվտանգութիւնը, ազերպայճանցի մարզիկներու բնականոն մասնակցութիւնը մրցումներուն անհնար է հոգեբանական ճնշման պատճառով։
Այս ամէնը նկատի առնելով՝ որոշում կայացուած է ազերպայճանցի մարզիկները վերադարձնել Պաքու։ Հայաստան պէտք է ապահովէ անոնց անվտանգ վերադարձը»։
Պաքու կը դատապարտէ
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարած է.
«Մտահոգիչ է, որ միջոցառման կազմակերպիչները անվտանգութեան որեւէ քայլի չեն ձեռնարկած` ատելութեան այսպիսի դրսեւորումներու դէմ: Մեղաւորները պէտք է համապատասխան պատիժի արժանանան»,– Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ։