Երեւանի երթեւեկային խճողումներուն շուրջ ծագած վէճը

Երթեւեկ

Փաշինեան՝ Աննա Յակոբեանի յայտարարութիւններուն մասին. «Քննադատութիւնը ինծի ուղղուած կը նկատեմ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 19-ին անդրադարձած է Երեւանի երթեւեկային խճողումներուն վերաբերեալ Աննա Յակոբեանի քննադատութիւններուն՝ ընդունելով, որ զանոնք նաեւ իրեն ուղղուած կը նկատէ։

“Ես այդ մէկը ինծի ուղղուած քննադատութիւն կը նկատեմ, եւ մենք պիտի աշխատինք ամէն ինչ ընել, որպէսզի ակնյայտօրէն գոյութիւն ունեցող այդ խնդիրները լուծում գտնեն”,– յայտարարած է Փաշինեան՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։

Նոյեմբեր 10-ին Աննա Յակոբեան խստօրէն քննադատած էր մայրաքաղաքի երթեւեկային խճողումները՝ առանց որեւէ պաշտօնատարի անունը տալու։ Ան ակնարկած էր, որ պատասխանատուները պարտաւոր են լուծում գտնել այս հարցին՝ հեգնանքով աւելցնելով, թէ այդ պարտականութիւնը ակնյայտօրէն աւելի բարդ է, քան միլիոնաւոր տոլարներ ներդնող ընկերութիւններուն շինարարութեան արտօնութիւն տրամադրելը։

Այս ակնարկութիւնը ուղղուած կը թուէր Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանին, որ իր կարգին հակադարձած էր՝ պնդելով, թէ նոր շէնքերու կառուցումը չէ, որ աւելցուցած է մայրաքաղաքի բնակչութեան եւ ինքնաշարժներու թիւը։ Ըստ Աւինեանի՝ այդ աճին նպաստած են Արցախէն տեղահանուած հայերը եւ ռուս-ուքրանական պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած անձերը։

Քաղաքապետը նաեւ պաշտպանած էր նոր շինարարութիւններէն գանձուող տուրքերը՝ նշելով, որ այդ եկամուտներով կը գանձատրուին ֆութպոլի դաշտերու եւ կոյուղիներու կառուցման աշխատանքներ։

Soutenez NH