Միրզոյեան Պրիւսէլի մէջ քննարկած է Հայաստան-ՕԹԱՆ գործակցութիւնը եւ հանդիպած Մարթա Քոսի հետ
Միրզոյեան-Համիլթըն հանդիպումէն
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 16-ին Պրիւսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Քեւին Համիլթընի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-ՕԹԱՆ գործակցութեան զարգացման եւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան ձեւաչափերու ընդլայնման հարցերը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութեան շարունակութեան։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։ Միրզոյեան ներկայացուցած է տարածաշրջանային հաղորդակցական ուղիներու ընդլայնման ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռնարկած քայլերը։ Ընդգծուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան նշանակութիւնը՝ տարածաշրջանային գործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն։
Պրիւսէլ այցելութեան ընթացքին՝ Նոյեմբեր 17-ին, Միրզոյեան հանդիպած է նաեւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։
Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառումով մը ան հանդիպումը բնութագրած է ջերմ զրոյց՝ «Հայաստանի լաւ բարեկամին եւ գործակիցին» հետ։ Նախարարը իր գրառումը եզրափակած է կատակախառն ակնարկով մը. «Վերահաստատեցինք, որ համեղ ծիրանը հայկական կ՚ըլլայ»։

