Իրան պատրաստ է մասնակցելու Հայաստանի մէջ քարիւղի զտարանի կառուցման
Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու Հայաստանի մէջ քարիւղի զտարանի կառուցման՝ իր մասնագիտական եւ ճարտարագիտական միջոցները տրամադրելով, ինչպէս նաեւ իրանական մասնաւոր ընկերութիւնները ներգրաւելով այս ծրագրին մէջ։
Այս մասին Նոյեմբեր 17-ին Թեհրանի մէջ յայտարարած է Իրանի Քարիւղի նախարարի պաշտօնակատար Համիտ Պովարտ՝ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի հետ հանդիպման ընթացքին։
Իրանցի պաշտօնատարը նշած է, որ երկու կողմերը արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած են զտարանի կառուցման շուրջ եւ Թեհրան պատրաստ է ուսումնասիրելու հայկական կողմին առաջարկները։
Իրան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է առանց սահմանափակումի հեղուկացուած կազ (GPL) մատակարարելու Հայաստանին եւ աջակցելու անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ստեղծման։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ բնական կազի առեւտուրի ընդլայնման եւ նոր ուղիներու մշակման կարելիութիւնները։ Իրանական կողմը առաջարկած է երկու երկիրներուն նախաձեռնութիւնները ներկայացնել միացեալ աշխատանքային խումբին՝ անոնց արհեստագիտական ուսումնասիրութեան եւ հետագայ իրագործման համար։
Իր կարգին, Դաւիթ Խուդաթեան յայտնած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է Իրանի հետ կազի եւ քարիւղային արտադրութիւններու առեւտուրի ընդլայնմամբ, յիշեցնելով երկու երկիրներուն միջեւ տարիներէ ի վեր գործող կազի եւ ելեկտրականութեան փոխանակման դրութիւնը։
Զտարանի կառուցման վերաբերեալ վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։

