Փաշինեան Դեկտեմբեր 3-ին Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի Փութինի հետ
Վարչապետ Փաշինեան Դեկտեմբեր 3-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի կատարէ Մոսկուա, ուր նախատեսուած է հանդիպում մը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Այս մասին Փաշինեան յայտարարած է Նոյեմբեր 19-ին՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ նշելով, որ հանդիպման շուրջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է։
Վարչապետը արդէն Տապլինի մէջ յայտնած էր, որ Դեկտեմբերին երեք անգամ Ռուսաստան պիտի այցելէ։ Ան բացատրած է, որ Դեկտեմբեր 11-12-ին նախատեսուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի նիստը՝ վարչապետերու մասնակցութեամբ, իսկ տարեվերջին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պիտի գումարուին ԵԱՏՄ-ի եւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն տարեկան հանդիպումները։
Փաշինեանի համաձայն՝ Փութինի հետ հանդիպման համաձայնութիւնը գոյացած էր Սեպտեմբերին, Պիշքէքի մէջ։
Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր, որ Մոսկուայի բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթերէն պիտի ըլլան Հայաստանի ապագայ քաղաքական ուղղութիւնը, Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ անոր ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ հարցով հանրաքուէի մը կազմակերպման կարելիութիւնը։
Այս հանդիպումը կը նախատեսուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Երեւանի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն մէջ լարումը խորացած է՝ Հայաստանի եւրոպական մերձեցման ձգտումներուն եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շուրջ տարակարծութիւններուն պատճառով։

