Ամարասի վանքին մէջ՝ ազերպայճանական «շրջուն ուխտաւորներու» հերթական ներկայացումը

mail.google-1

Նոյեմբեր 18-ին, Ազերպայճանի «աղուանա-ուտիական քրիստոնէական համայնք» յորջորջուած խմբակի ղեկավար Ռոպէր Մոպիլիի քանի մը հաւատարիմ հետեւորդները ընկերային ցանցերու վրայ տարածած են անոր հաղորդագրութիւնը՝ ծանուցելով համայնքի անդամներուն «ուխտագնացութիւնը» Ամարասի վանք։ Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի.

«Այսօր՝ 2026 Նոյեմբեր 18-ին, աղուանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի անդամներ այցելեցին Խոճավենտի շրջանի Ամարասի վանքը։ Համայնքի անդամները առաջին անգամ ըլլալով այցելեցին այս հնադարեան վանքը։ Գրաւման տարիներուն փոփոխութիւններ կատարուած են յուշարձանի ճարտարապետական կառոյցին եւ ներքին յարդարանքին մէջ՝ փորձելով զայն ներկայացնել իբրեւ հայկական եկեղեցի։ Այսօր աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքի անդամները եկան Ամարասի վանք, որ հնադարեան մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւն մըն է, եւ հոն կրօնական արարողութիւններ կատարեցին՝ մոմեր վառելով եւ աղօթքներ բարձրացնելով։ Ամարաս, 18.11.2026»։

911665616 29510925971930960 5662828615021966090 n
mail.google

Ռոպէր Մոպիլիի այս հաղորդագրութեան ընկերացող լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի նոյն խումբը՝ բացառապէս տղամարդոցմէ բաղկացած, Ռոպէր Մոպիլիի ամենամօտ գործակից Ռաֆիք Տանաքարիի առաջնորդութեամբ։ Վերջինիս կրօնական հանգամանքին մասին երբեք յստակ բացատրութիւն չի տրուիր. քարոզի՞չ է, սարկաւա՞գ, թէ՞ քահանայ։ Սակայն ան մշտապէս կը ներկայանայ հոգեւորականի սքեմով, կուրծքին՝ խաչ մը, իսկ գլխուն՝ սեւ փակեղանման գլխադիր մը։

Ինչպէս սովորաբար, այս քանի մը անձերը, որոնք իսկական «շրջուն ուխտաւորներու յատուկ ջոկատ» մը կը կազմեն, դարձեալ իրենց քիթին տակէն մրմնջած են քանի մը տող, որոնց ո՛չ ծագումը յայտնի է, ո՛չ ալ բովանդակութիւնը, մանաւանդ որ Աղուանից եկեղեցւոյ ծիսակարգը ամբողջովին անհետացած է։ Ապա մոմեր վառած են։ Ահաւասիկ «կրօնական արարողութիւն» մը՝ իր ամէնէն պարզունակ եւ բովանդակութենէ զուրկ դրսեւորումով։

unnamed copie

Լուսանկարներէն մէկուն մէջ կ՚երեւի նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի թոռան՝ Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածած եւ նահատակուած Ս. Գրիգորիսի տապանաքարը։ Եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող այս քարը ազերիներու կողմէ պղծուած էր 1990-ական թուականներուն։ Այնուհետեւ Արցախի թեմը նոր տապանաքար մը տեղադրած էր սուրբին գերեզմանին վրայ՝ խորանին տակ գտնուող դամբարանին մէջ։

mail.google 6

Իսկ վանքին մուտքին զետեղուած է ցուցատախտակ մը, որուն վրայ կը կարդանք.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Մշակոյթի նախարարութիւն

ՀԱՄԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ

ԱՄԱՐԱՍԻ ՎԱՆՔ

Դ. դար – Ցուցակագրման թիւ 246

Պետութեան պաշտպանութեան տակ գտնուող յուշարձան։

Ուշագրաւ է, սակայն, որ ազերպայճանական իշխանութիւններուն զետեղած ցուցատախտակին վրայ առայժմ (արդեօք մինչեւ ե՞րբ…) Ամարասի «աղուանական ինքնութեան» մասին բառ մ՚իսկ չկայ։ Մինչդեռ նոյն իշխանութիւններուն հովանաւորած այս շինծու «ուխտագնացութիւնը» ճիշդ հակառակ նպատակը կը հետապնդէ՝ աղուանական ներկայացնել Հայ եկեղեցւոյ այս նշանաւոր սրբավայրը, ուր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հիմնած էր Արցախի առաջին դպրոցը…։

Իրազեկ

Soutenez NH