Շայ Կալ Երեւանի մէջ կ՚առաջարկէ տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր համակարգ՝ բաց նաեւ Ազերպայճանի առջեւ

Shay_Gal_Yerevan_Panel_20_Nov_2026

Կալ (աջէն առաջինը) կ՚արտայայտուի «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը եւ հասարակութիւնը. երկխօսութիւն՝ յանուն անվտանգութեան» միջազգային գիտաժողովին

Կը պաշտպանէ նաեւ «Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը» եւ ներողութիւն խնդրելու պատճառ չի տեսներ, որ «Իսրայէլ կանգնած է իր դաշնակցին կողքին»

Իսրայէլացի ռազմավարական վերլուծաբան Շայ Կալ կ՚առաջարկէ Հայաստանի, Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ գործակցութեան ընդլայնում՝ միաժամանակ շեշտելով Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան փոխադարձութեան սկզբունքը, Թուրքիոյ ազդեցութենէն Պաքուի անկախութիւնը եւ Արցախէն տեղահանուած հայերուն նկատմամբ Իսրայէլի պատասխանատւութիւնը։

ԵՐԵՒԱՆ, 21 Նոյեմբեր 2026 — Իսրայէլացի ռազմավարական վերլուծաբան Շայ Կալ Երեւանի մէջ առաջարկած է տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր համակարգ մը, որ Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջոցով պիտի կապէ Հայաստանն ու Իսրայէլը՝ միաժամանակ հնարաւորութիւն ընձեռելով Ազերպայճանի մասնակցութեան, պայմանով որ Պաքու կարենայ ինքնուրոյն վարել իր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ անկախ Թուրքիոյ ազդեցութենէն։

Կալ այս առաջարկը ներկայացուցած է Նոյեմբեր 20-ին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը եւ հասարակութիւնը. երկխօսութիւն՝ յանուն անվտանգութեան» միջազգային գիտաժողովին։

Ո՞վ է Շայ Կալ

Line of State ռազմավարական խորհրդատուական կառոյցի հիմնադիր եւ ղեկավար Շայ Կալ ծանօթ է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ իր խիստ քննադատական դիրքորոշումներով եւ Միջերկրականի արեւելեան շրջանին մէջ անվտանգութեան նոր համակարգ մը ձեւաւորելու առաջարկներով։

Ան կը պաշտպանէ Իսրայէլի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործակցութեան խորացումը՝ զայն նկատելով անհրաժեշտ հակակշիռ մը տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնման դէմ։

Կալի գնահատումով՝ Անգարայի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը սպառնալիք կը ներկայացնէ Իսրայէլի, Հայաստանի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Եւրոպայի անվտանգութեան համար։ Ան յատկապէս կ՚ընդդիմանայ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ թրքական զինուորական ներկայութեան՝ այդ տարածքը բնութագրելով իբրեւ Թուրքիոյ «անխորտակելի օդանաւակիր»։ Կալ բազմիցս կոչ ուղղած է վերջ տալու Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի թրքական գրաւման։

2026 Սեպտեմբերին «Israel Hayom» թերթին մէջ հրապարակած յօդուածով Կալ Հայաստանը ներկայացուցած էր իբրեւ Միջերկրականի արեւելեան շրջանի անվտանգութեան համակարգին «պակսող օղակը»։ Անոր համոզումով՝ Երեւանի միացումը Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող գործակցութեան՝ պիտի ամրապնդէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ նոր հակակշիռ ստեղծէ Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան դէմ։

Կալ նաեւ հրապարակաւ պաշտպանած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններուն պաշտօնական ճանաչումը։ Ողջունելով Իսրայէլի կառավարութեան՝ 2026 Յունիս 28-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը («ՆՅ» – Ի դէպ, այս ճանաչման չյաջորդեց Քնեսեթի հաստատումը, անկատար թողլով ճանաչման գործընթացը. ըստ իսրայէլեան «Հաարէց» թերթին՝ Ազերպայճանի ճնշումով հարցը հանուած է խորհրդարանի օրակարգէն)՝ ան կոչ ուղղած է նոյնպիսի ճանաչում շնորհելու նաեւ Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն։

Ըստ անոր՝ պատմական ճշմարտութիւնը պէտք չէ ստորադասուի Թուրքիոյ կամ Ազերպայճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։ Ան առաջարկած է նաեւ Հայաստանի, Իսրայէլի, Յունաստանի եւ ասորական համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ գործակցութիւն հաստատել՝ պատմական վկայութիւնները պահպանելու, ցեղասպանութիւններու ժխտումին հակազդելու եւ պատմական յիշողութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով։

Կալ անցեալին վարած է Իսրայէլի օդատիեզերական արդիւնաբերութեան (Israel Aerospace Industries – IAI) արտաքին յարաբերութիւններու փոխնախագահի պաշտօնը։ Ան աշխատանքէն հեռացուած է 2025-ի սկիզբը։ 2026 Մայիսին ընկերութիւնը յստակացուցած է, որ Կալ այլեւս իր աշխատակիցը չէ, եւ անոր հրապարակային տեսակէտները չեն ներկայացներ IAI-ի դիրքորոշումները։ Աշխատանքէն հեռացման պատճառներուն շուրջ կողմերուն միջեւ դատական վէճ ծագած է։

Ներկայիս Կալ կը ղեկավարէ իր հիմնադրած Line of State կառոյցը եւ ռազմավարական ու անվտանգութեան հարցերու շուրջ պարբերաբար յօդուածներ կը հրապարակէ միջազգային մամուլին մէջ, մասնաւորաբար «Israel Hayom» եւ «The Jerusalem Post» պարբերականներուն էջերէն։

Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ գործակցութեան նոր հեռանկարներ

Երեւանի գիտաժողովին Կալ մասնակցած է պաշտպանական կարողութիւններուն եւ ռազմավարական դիմադրունակութեան նուիրուած քննարկումին՝ ներկայացնելով քաղաքացիական եւ զինուորական կառոյցներու փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ Իսրայէլի փորձառութիւնը։

Ան նաեւ հայ սպաներու համար վարած է «Ո՞վ պատասխանատու է պատրաստականութեան. սպառազինութեան ձեռքբերումէն ետք քաղաքացիական վերահսկողութիւնը» խորագրով աշխատաժողով մը։

Իսրայէլ, Յունաստան եւ Կիպրոս արդէն կը գործակցին պաշտպանութեան, ուժանիւթի եւ կենսական ենթակառոյցներու ոլորտներուն մէջ։ Միւս կողմէ, Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս ունին պաշտպանական գործակցութեան առանձին ձեւաչափ մը, որ կ՚ընդգրկէ զինուորական պատրաստութիւն, կրթութիւն եւ միացեալ վարժութիւններ։

Կալի առաջարկը կը նախատեսէ այս երկու ձեւաչափերուն փոխկապակցումը՝ Երուսաղէմի եւ Երեւանի միջեւ անմիջական գործակցութեան հաստատումով։

Ըստ անոր՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ճարտարագիտութեան, սարքաւորումներու սպասարկման, կենսական ենթակառոյցներու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու զարգացումը կրնայ ամրապնդել Հայաստանի կարողութիւնները՝ միաժամանակ զայն դարձնելով այնպիսի գործընկեր մը, որ իր կարգին անհրաժեշտ մասնագիտական եւ արհեստագիտական ներդրում կը բերէ միւս երկիրներուն։

Կալ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է արհեստագիտական իրաւունքներու ձեռքբերման, սարքաւորումները տեղական մակարդակով սպասարկելու եւ արդիականացնելու իրաւասութեան վրայ։

Անոր համոզումով՝ Հայաստանի անկախութիւնը պէտք է ամրապնդուի սեփական կարողութիւններու զարգացումով, այլ ոչ թէ արտաքին մէկ կախուածութիւնը ուրիշով փոխարինելով։

Առաջարկուած համակարգը տեղ կը նախատեսէ նաեւ Ազերպայճանին՝ անոր սեփական շահերուն հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մասնակցութեան եւ Սեւ ծովու միջոցով հաղորդակցութեան ուղիներու զարգացման։

Թուրքիոյ ազդեցութիւնը եւ Ազերպայճանի քաղաքական անկախութիւնը

Կալ յստակ տարբերութիւն մը դրած է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ։ Ան Թուրքիան կը նկատէ Հայաստանի եւ Իսրայէլի հասարակաց ռազմավարական հակառակորդ, մինչ Ազերպայճանը կը դիտարկէ իբրեւ հնարաւոր գործընկեր։

Ըստ անոր՝ Հայաստան եւ Իսրայէլ հասարակաց շահ ունին, որ Ազերպայճան ազատ ըլլայ ինքնուրոյն որոշելու իր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը։

Կալ շեշտած է, որ զինուորական յաղթանակը ինքնաբերաբար քաղաքական անկախութիւն չ՚երաշխաւորեր։

Անգարա իրաւական որեւէ վեթոյի իրաւունք չունի Ազերպայճանի դիւանագիտութեան նկատմամբ։ Նման իրաւունք մը Թուրքիոյ կրնայ տալ միայն Պաքուն։

Խաղաղութեան համաձայնութիւնը պէտք է հիմնուի փոխադարձութեան վրայ

Կալի այս դիտարկումները հնչած են այն շաբաթը, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ շեշտած էր Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը։

Իսրայէլացի վերլուծաբանին համաձայն՝ մնայուն խաղաղութեան համաձայնութիւնը պէտք է հիմնուի փոխադարձ անցման իրաւունքներու, գործադրութիւնը երաշխաւորուած յանձնառութիւններու եւ իւրաքանչիւր պետութեան ինքնիշխան որոշումներ կայացնելու ազատութեան վրայ։

Նման համաձայնութիւն մը կրնայ ապահովել Հայաստանի սահմաններուն անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ ընդլայնելով Ազերպայճանի քաղաքական անկախութիւնը։

Սակայն, ըստ Կալի, Հայաստան պէտք է համարժէք իրաւունքներ եւ առաւելութիւններ ստանայ իր տարածքով տրամադրած հաղորդակցութեան հնարաւորութիւններուն դիմաց։

“Երբ Հայաստան անցման իրաւունք կը տրամադրէ, ինք եւս պէտք է համարժէք իրաւունք ստանայ”,– ընդգծած է ան։

Կալի համաձայն՝ Ազերպայճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ անցման հնարաւորութիւնը պէտք է զուգորդուի Հայաստանի համար դէպի արեւմուտք, ներառեալ Թուրքիոյ տարածքով, վստահելի եւ երաշխաւորուած ելքի հնարաւորութեամբ։

Այդ փոխադարձ իրաւունքները պէտք է ամրագրուին գործադրելի յանձնառութիւններով եւ անոնց խախտման պարագային կիրարկելի իրաւական միջոցներով։

Կալ անդրադարձած է նաեւ TRIPP ծրագրին։ Ան նշած է, որ հրապարակուած շրջանակը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։

Սակայն անոր համոզումով՝ ինքնիշխանութեան իրաւական ճանաչումը բաւարար չէ։ Առեւտրական պայմանաւորումները պէտք չէ այնքան սուղ դարձնեն այդ իրաւունքներուն գործադրութիւնը, որ Հայաստան գործնականին մէջ զրկուի զանոնք օգտագործելու հնարաւորութենէն։

Կալի համար հիմնական սկզբունքը յստակ է. ինքնիշխանութիւնը պէտք է ոչ միայն ճանչցուած ըլլայ, այլեւ իրականութեան մէջ ազատօրէն գործադրուի։

Իսրայէլի յարաբերութիւնները Ազերպայճանի հետ պէտք չէ սահմանափակեն Հայաստանի հետ գործակցութիւնը

Կալ նոյն սկզբունքը տարածած է Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։

“Պաքուի նկատմամբ հաւատարմութիւնը պէտք չէ Երուսաղէմը կաշկանդէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններ զարգացնելու հարցին մէջ”,– յայտարարած է ան։

Անոր համաձայն՝ Իսրայէլի եւ Ազերպայճանի գործընկերութիւնը չի կրնար սահմանափակել Հայաստանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները։

Նոյնպէս, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան սերտացումը պէտք չէ ինքնաբերաբար Թուրքիոյ իրաւունք տայ օգտուելու Ազերպայճանին տրամադրուած իսրայէլեան զինուորական արհեստագիտութիւններէն։

Միաժամանակ, Հայաստան եւս պէտք է ազատ ըլլայ զարգացնելու այնպիսի միջազգային գործակցութիւններ, որոնք կրնան չհամապատասխանիլ Իսրայէլի նախընտրութիւններուն։

Արցախէն տեղահանուած հայերուն նկատմամբ Իսրայէլի պատասխանատւութիւնը

Կալ անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի՝ 2023 Սեպտեմբերի զինուորական յարձակման մարդկային հետեւանքներուն։

Այդ գործողութեան ընթացքին գործածուած էին իսրայէլեան զէնքեր, իսկ անոր յաջորդած օրերուն աւելի քան 100 հազար հայեր ստիպուեցան հեռանալ Արցախէն։

“Ես կը պաշտպանեմ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը եւ ներողութիւն խնդրելու պատճառ չեմ տեսներ, որ Իսրայէլ կանգնած է իր դաշնակցին կողքին”,– ըսած է Կալ։

Այդուհանդերձ, ան շեշտած է, որ Ազերպայճանի հետ Իսրայէլի դաշնակցային յարաբերութիւնները չեն վերացներ Արցախէն տեղահանուած հայ ընտանիքներուն նկատմամբ անոր պատասխանատւութիւնը։

Ըստ անոր՝ Երուսաղէմ պէտք է գործակցի Հայաստանի, միջազգային գործընկերներու եւ տեղահանուած ընտանիքներուն հետ՝ անոնց համար մնայուն լուծումներ գտնելու նպատակով։

Զինուորական պատրաստականութիւն եւ քաղաքացիական վերահսկողութիւն

Կալի վարած աշխատաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ, թէ սպառազինութեան ձեռքբերումէն ետք քաղաքացիական իշխանութիւններու որոշումները ի՛նչ դեր կը խաղան զինեալ ուժերուն պատրաստականութիւնը մշտապէս ապահովելու հարցին մէջ։

Մասնաւորաբար քննարկուած է, թէ ո՛վ պատասխանատու է զինուորական սարքաւորումներու նորոգման վերաբերեալ որոշումներուն, ո՛վ կը տնօրինէ արհեստագիտական տեղեկութիւնները, եւ ինչպէ՛ս կ՚ապահովուին սպառազինութեան ու պահեստամասերու անհրաժեշտ պաշարները, ինչպէս նաեւ սարքաւորումներու շարունակական սպասարկումը։

Ըստ Կալի՝ նոյն չափանիշերը պէտք է գործեն նաեւ պետութեան դիւանագիտական գործընկերութիւններուն եւ տարածաշրջանային յանձնառութիւններուն պարագային։

Քաղաքական որոշումները պէտք է հիմնուին իրական կարողութիւններու եւ գործադրելի երաշխիքներու վրայ, որպէսզի զինուորական պատրաստականութիւնը կախեալ չմնայ ենթադրութիւններէ եւ չապահովուած խոստումներէ։

“Սպայէն երբեք պէտք չէ պահանջուի իբրեւ մասնագիտականօրէն հաստատուած իրողութիւն ներկայացնել բան մը, որ տակաւին քաղաքական ակնկալութիւն է”,– եզրափակած է Շայ Կալ։

***

ԽՄԲ. — Որեւէ նորութիւն յայտնած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, որ շարքային հայը բնական եւ անխուսափելի վերապահութեամբ պիտի ընդունի իսրայէլացի բարձրաստիճան որեւէ պաշտօնեայի, մտաւորականի կամ, այս պարագային, ռազմավարական վերլուծաբանի խօսքերը։ Մա՛նաւանդ երբ վերջինս, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիային մէջ իսկ ելոյթ ունենալով, կը յայտարարէ. «Ես կը պաշտպանեմ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ներողութիւն խնդրելու պատճառ չեմ տեսներ, որ Իսրայէլ կանգնած է իր դաշնակցին կողքին»։

Անշուշտ, Շայ Կալ միաժամանակ կը խօսի Հայաստանի հետ ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Արցախէն տեղահանուած հայերուն նկատմամբ Իսրայէլի պատասխանատւութեան մասին։ Սակայն այս յայտարարութիւնները չեն կրնար անտեսել տալ այն իրողութիւնը, որ Ազերպայճան Արցախի դէմ իր զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին օգտագործած է իսրայէլեան զէնքեր, որոնց դերը հայութեան կրած ծանր կորուստներուն մէջ անտեսելի չէ։

Անհաւանական չէ նաեւ, որ Կալ, պատերազմի ընթացքին Ազերպայճանին Իսրայէլի ցուցաբերած զինուորական աջակցութեան մասին խուսափողական կամ դիւանագիտական պատասխան մը տալու փոխարէն, գիտակցաբար ընտրած ըլլայ այսքան բացայայտ դիրքորոշում մը՝ իր ունկնդիրներուն ներկայանալու համար իբրեւ իրապաշտ, անկեղծ ու ճշմարտախօս մարդ՝ միւս առաջարկներուն աւելի մեծ հաւաստիութիւն հաղորդելու նպատակով։

Յօդուածին հրապարակումով՝ մեր նպատակն է հայ հասարակութիւնը իրազեկ պահել ներկայացուող այս նոր ռազմավարական մօտեցումին, անոր առաջարկած հնարաւորութիւններուն եւ հակասութիւններուն։

Միաժամանակ, հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ հայկական զինուորական շրջանակները,– եւ ոչ միայն անոնք,– ինչպէ՛ս գնահատած են «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիային մէջ ելոյթ ունեցած իսրայէլացի վերլուծաբանին այս դիրքորոշումը։ Մասնաւորաբար՝ ինչպէ՞ս ընդունած են անոր այն յայտարարութիւնը, որով ան կը պաշտպանէ Ազերպայճանի կողքին կանգնելու Իսրայէլի որոշումը՝ իսրայէլեան զէնքերու գործածութեան եւ հայութեան կրած մարդկային ծանր կորուստներուն մասին ծանօթ իրողութիւններուն լոյսին տակ։

Առայժմ այս հարցերուն վերաբերեալ հրապարակային որեւէ արձագանգի չենք հանդիպած։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH