Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ գործիքային մարմնամարզութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը

Մարմնամարզութիւն

2027 Ապրիլ 27-էն Մայիս 2 Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին կը սպասուի շուրջ 500 մարզիկի մասնակցութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը 257,3 միլիոն դրամ յատկացուցած է նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ գործիքային մարմնամարզութեան (gymnastique artistique) Եւրոպայի չափահասներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 2027 Ապրիլ 27-էն Մայիս 2, Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։

Եւրոպայի 12-րդ ախոյեանութիւնը պիտի ընդգրկէ այրերու եւ կիներու առանձին մրցումներ։ Կը սպասուի շուրջ 500 մարզիկի մասնակցութիւն, ինչպէս նաեւ մարզիչներու, օժանդակ անձնակազմերու եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայութիւն։

Մրցաշարքին յայտագիրը կը նախատեսէ զտման մրցումներ, խմբային դասաւորման, անհատական բազմամարտի եւ առանձին գործիքներու եզրափակիչ մրցումներ։ Վերջին օրը՝ Մայիս 2-ին, նախատեսուած է խառն խումբերու եզրափակիչ մրցումը։

Հայաստանի կառավարութիւնը Նոյեմբեր 19-ին որոշած է 257,3 միլիոն դրամ յատկացնել ախոյեանութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մարմնամարզութեան դաշնակցութեան՝ կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման համար։

Նոյեմբեր 20-ին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան ընդհանուր տնօրէն Լիզա Վորթմանի եւ Հայաստանի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Վանոյեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարզական ենթակառոյցներուն պատրաստութիւնը, անհրաժեշտ սարքաւորումներուն ապահովումը եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքը։

Յատուկ ուշադրութիւն ընծայուած է «Ալբերտ Ազարեան» մարմնամարզութեան նոր մարզադպրոցի շինարարութեան, որուն աւարտը նախատեսուած է 2027 Մարտին։ Նոր կառոյցը պիտի ծառայէ նաեւ Հայաստանի մէջ մարմնամարզութեան զարգացման։

Նախարար Անդրէասեան ընդգծած է, որ նման միջազգային մրցաշարքի մը կազմակերպումը նոր խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ մարմնամարզութեան զարգացման՝ մարզաձեւին նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելով յատկապէս երեխաներուն եւ պատանիներուն մէջ։

Իր կարգին, Լիզա Վորթման դրական գնահատած է նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը եւ բարձր գնահատած հայ մարմնամարզիկներուն միջազգային յաջողութիւններն ու մարզիչներուն աշխատանքը։

Հայաստանի իշխանութիւններուն գնահատումով՝ ախոյեանութեան կազմակերպումը պիտի նպաստէ երկրի միջազգային մարզական հեղինակութեան ամրապնդման, զբօսաշրջութեան զարգացման եւ տնտեսական աշխուժութեան՝ դրական անդրադարձ ունենալով նաեւ պանդոկներուն, մշակութային կեդրոններուն եւ մարզական կառոյցներուն վրայ։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH