Հայաստան եւ Ռումանիա ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր ստորագրեցին

Փաշինեան-Ռումանիա

Փաշինեան առաջարկեց Հայաստանի հաղորդակցութեան ծրագրերը կապել Ռումանիոյ փոխադրական ցանցերուն

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 24-ին պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեց Ռումանիա, ուր Պուքրէշի Քոթրոչենի նախագահական պալատին մէջ ընդունուեցաւ նախագահ Նիքուշոր Տանի կողմէ։ Ասիկա Հայաստանի վարչապետի մը առաջին պաշտօնական այցելութիւնն էր Ռումանիա՝ 2011-էն ի վեր։

Հանդիպման ընթացքին երկու ղեկավարները ստորագրեցին Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին միացեալ հռչակագիր մը, որ կը նախատեսէ գործակցութեան խորացում առեւտուրի, ներդրումներու, արհեստագիտութեան, ուժանիւթի, պաշտպանութեան, կրթութեան եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան մարզերուն մէջ։

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու սերտացումը, մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացը, անվտանգութեան եւ պետական հաստատութիւններու դիմադրողականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու զարգացումը։ Ռումանիոյ նախագահը վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի մերձեցման, յիշեցնելով նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Ռումանիոյ մասնակցութիւնը։

Երկու կողմերը վերականգնելի ուժանիւթը, բարձր արհեստագիտութիւնները, սննդամթերքի մշակումը, դեղագործութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը առանձնացուցին իբրեւ գործնական գործակցութեան հեռանկարային մարզեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան, համացանցային անվտանգութեան, գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ հասարակաց ծրագրերու իրագործման կարելիութիւններուն։

Փաշինեան յայտարարեց, թէ Ռումանիա իր նաւահանգիստներուն շնորհիւ կրնայ հայկական արտադրանքներուն համար դէպի Եւրոպական Միութեան շուկայ մուտքի կարեւոր դարպաս մը դառնալ։ Ան նաեւ շեշտեց Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնն ու ԹՐԻՓՓ ծրագիրը Ռումանիոյ փոխադրական ցանցերուն եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստներուն կապելու կարելիութիւնը։ Ըստ վարչապետին՝ նման կապ մը կրնայ ապահով առեւտրական ուղի մը ստեղծել Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Եւրոպա։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH