Փաշինեան. «Կա՛մ Եռաբլուրը պիտի ընդարձակուի, կա՛մ պէտք է հաւատարիմ մնանք խաղաղութեան նախաստորագրուած սկզբունքներուն»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 26-ին լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ երկիրը երկու ընտրութեան առջեւ կը գտնուի՝ կա՛մ ընդարձակել Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը, կա՛մ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան նախաստորագրուած համաձայնագրի սկզբունքներուն։
Հարցումի մը, թէ Եռաբլուրի մասին խօսակցութիւնները իր խիղճը կը տանջե՞ն, Փաշինեան պատասխանած է. «Անշո՛ւշտ, խիղճս շատ կը տանջէ»։
Հարցումը կ՚ակնարկէր Նոյեմբեր 19-ի միջադէպին, երբ վարչապետը կարճ զրոյցի մը ընթացքին «եղկելի» անուանած էր լրագրող Հռիփսիմէ Ջեբեջեանը, որ իրեն ցոյց տուած էր Եռաբլուրի լուսանկարները՝ յիշեցնելով, թէ զինուորական պանթէոնը զգալիօրէն ընդարձակուած է իր իշխանութեան տարիներուն։
Նոյն ճեպազրոյցին ընթացքին Փաշինեանին հարցում ուղղուած է նաեւ Արցախէն տեղահանուած հայերու նոր անցագրերուն մէջ, իբրեւ ծննդավայր, «Ազերպայճան» նշելու որոշումին մասին։
“Խիղճս նաեւ այդ պատճառով կը տանջէ, եւ այդ պատճառով ալ կ՚ըսեմ, որ Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն անցագրերուն մէջ իբրեւ ծննդավայր պէտք է գրուի Ազերպայճան։ Պէտք է առաջնորդուինք խաղաղութեան նախաստորագրուած սկզբունքներով, որպէսզի Եռաբլուրը չընդարձակուի։ Ասիկա շատ պարզ քաղաքական ընտրութիւն մըն է”,– յայտարարած է վարչապետը։

